2011-12-15 13:34:22

Նիւ Եորք Նահանգի ԹՐՈՅ Քաղաքին Մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան Յուշարձան Պիտի Բացուի։ Քաղաքապետ Հարրի Թիւթիւնճեան Զօրավիգ Կանգնած Յուշարձանի Բացման։


Նիւ Եորք Նահանգի ԹՐՈՅ քաղաքի հայ գաղութը կը պատրատուի հայկական Ցեղասպանութեան Յուշարձան մը բանալ Հատսըն Գետեզրքի Ռիվըրֆրոնթ Հանրապարտէզին մէջ։ Նորերս հայ հոգեւորականներ գացին ու օրհնեցին այն հողամասը ուր Յուշատձանը պիտի զետեղուի։ Հայ հոգեւորականներէն Վինսընթ Քումճեան ըսած է որ Յուշարձանը պիտի կոչուի ՝՝ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ՝՝ ու պիտի յարգէ յիշատակը բոլոր այն հայերուն որոնք Թուրքերու կողմէ սպաննուեցան 1915էն-1917 թուականներուն։ Թրոյի Քաղաքապետը հայկական ծագումով Հարրի Թիւթիւնճեանն է, որ զօրավիգ կանգնած է այս ծրագրին։ Թրոյի Հայոց Եկեղեցին ԱՄՆ- ու մէջ Հայոց կողմէ հիմնուած երկրորդ Եկեղեցին է։ Հայերը Թրոյ գացած են առաջին անգամ 1800ական թուականներուն,երբ մեծ թիւով հայեր իրենց համար ապրելու նոր տեղեր կը փնտռէին։








All the contents on this site are copyrighted ©.