2011-12-15 13:32:37

Մոզամբիքի Մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին Իրաւական Վիճակ Ունեցաւ։


Շնորիւ Մոզամբիքի ու Ս. Աթոռի միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան, Մոզամբիքի Եկեղեցին պաշտօնապէս Ճանչցուեցաւ Պետութենէն։ Համաձայնագիրը կը ներփակէ 23 յօդուածներ, որով կ'ամրապնդուին երկկողմանի բարեկամական կապերը ու համագործակցութիւնը։ Շնորհիւ այդ իրաւական ճանաչումին Մոզամբիքի կառավարութիւնը կը ճանչնայ վկայականները, կանոնական ամուսնութիւնը եւ տուրքի հարցը։ Յայտնենք որ Մոզամբիքի 23 միլիոն բնակչութեան հարիւրէն 30 տոկոսը քրիստոնեայ են, որոնցմէ հարիւրէն 20ը կաթողիկներ , իսկ հարիւրէն 55 տոկոսը հոգեպաշտ են, եւ հարիւրէն 15ը մահմետականներ ։ Կաթողիկէ Եկեղեցին գործօն մեծ դեր կը կատարէ ընկերային մարզէն ներս եւ մասնաւորապէս դաստիարակութեան մարզի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.