2011-12-15 13:33:47

Հայաստանի Նախագահ Սարգսեանի Մասնակցութիւնը «Հայաստան. Քաղաքակրթութեան Դրոշմներ» Ցուցահանդէսի Բացման։ Նախագահը Սուրբ ՂազարԿղզիի Եկեղեցւոյ Մէջ Կը Վառէ Երեք Մոմեր....


Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը Սերժ Սարգսեան 14 Դեկտեմբերին,նախ այցելեց Վենետիկի Սուրբ Ղազարի Վանքը ուր ընդունուեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան Ընդհանուր Աբբահայր Հայր Եղիա վարդապետ Քիլաղպեանի կողմէ , եւ անմիջապէս առաջնորդուեցաւ Վանքի Եկեղեցին ,յորում Նախագահը վառեց երեք Մոմեր՝ Մին Հայաստանի,Միւսը Ղարաբաղի, իսկ երրորդը Սփիւռքի դիտաւորութեամբ։
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայր Եղիա Քիլաղպեան, իսկ Մխիթարեան Միաբանութեան պատմականը ըրաւ ու Միաբանութեան կէտ նպատակի մասին խօսեցաւ Հայր Գրիգորիս Սերէնեան։
Սուրբ Ղազարի մէջ Նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Իտալացի կազմակերպութիւններու աւելի քան 20 ներկայացուցիչներու հետ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան միշտ երէկ Վենետիկի «Քոռեր» թանգարանին մէջ ներկայ եղաւ «Հայաստան. Քաղաքակրթութեան դրոշմներ» ցուցահանդէսի բացման, որ նուիրուած է Հայ Գրատպութեան 500ամեակին:
Հանրապետութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցութիւն ունեցած են ցուցահանդէսի կազմակերպման համար, յատկապէս` Իտալիոյ իշխանութիւններուն, Վենետիկի տեղական իշխանութիւններու ղեկավարներուն, բոլոր պետական պաշտօնեաներուն եւ դիւանագիտական աշխատողներուն, ցուցադրուած մասունքները սրբօրէն պահպանողներուն եւ, ի հարկէ, աշխարհի ամենայայտնի թանգարաններէն մէկուն` «Քոռեր» թանգարանին, այս մեծ եւ կարեւոր գործը իրականացնելու համար:
Ցուցահանդէսէն ետք նախագահը այցելեց Վենետիկի հոյակապ Սուրբ Մարկոսի անունը կրող Տաճարը( San Marco ) ունկնդրելով հայ հոգեւոր երաժշտութեան նուիրուած համերգը:
Աւելի ուշ Վենետիկի «Քոռեր» թանգարանի «Նափոլէոն» դահլիճին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանի պատուին տրուեցաւ պաշտօնական ընթրիք, որուն մասնակցեցան «Հայաստան. Քաղաքակրթութեան դրոշմներ» ցուցահանդէսի բացման առիթով աշխարհի տարբեր երկիրներէն Իտալիա ժամանած հայագէտներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.