2011-12-15 13:34:09

Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրեց Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցիներու Վերադարձը Պահանջող ԹԻՒ 306 ԲԱՆԱՁԵՒԸ ։


Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց Կրօնական ազատութիւններու մասին թիւ 306 բանաձեւը, որ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ հայկական եւ քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիները վերադարձնելու իրենց պատմական իրաւատէրերուն, թոյլատրելու անոնց մէջ հոգեւոր արարողութիւններ կատարել, վերցնելու կրօնական խտրականութիւնները:
Բանաձեւին հեղինակներն են հանրապետական Էտ Ռոյս եւ դեմոկրատական Հաուըրտ Պըրման, եւ լիագումար նիստի քննարկման ու քուէարկութեան դրուած էր Ներկայացուցիչներու տան մէջ մեծամասնութեան ղեկավար Էրիք Քանթորի նախաձեռնութեամբ:
Քոնկրեսական Էտ Ռոյս իր արտասանած խօսքին ընթացքին նշած է, որ «հակառակ անոր որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վերջին շրջանին կը պնդէր, որ կրօնական ազատութիւններու հարցին մէջ իրենք յառաջընթաց արձանագրած են, այսուհանդերձ Թուրքիոյ քրիստոնեայ համայնքները կը շարունակեն բազմաթիւ խտրականութիւններու ենթարկուիլ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.