2011-12-14 12:37:43

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։
<<Աստուծոյ ամենամեծ պարգեւը Անոր մեզի շնորհած բարեկամութիւնն է>>


Չորեքշաբթի 14 դեկտեմբեր 2011 առաւօտեան ժամը 10.30 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկան ժամանած բազմահազար ուխտաւորներու։
Շարունակելով Աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Մարկոս-ի Աւետարանի մէջ պատմուած Խուլ ու Համրի բուժումին ։ Յիսուս ամբոխէն մէկդի տանելով խուլն ու համրը` մատները ականջներուն մէջ դրաւ եւ թուքով լեզուին դըպաւ, յետոյ աչքերը երկինք բարձրացնելով ըսաւ <<եփփաթա>> - այսինքն Բացուէ- ։
Յիսուս ( ըսաւ Նորին Արբութիւնը ) վկայակոչեց իր Հայրը ցոյց տալու թէ ապաքինող ուժը կու գայ Հօրմէն եւ այս է ահա պատմութեան կեդրոնական իմաստը։ Յովհաննէսի Աւետարանի մէջ ալ նոյնպէս երբ կը կարդանք Ղազարոսի Յարութեան մասին, Յիսուս դարձեալ աղօթքով կը դիմէ իր Հօր հաստատելու համար նաեւ Հօր Աստուծոյ հետ ունեցած իր հաղորդութիւնը։
Այս պատմուածքները մեզի կը սորվեցնեն որ Աղօթքը պէտք չէ ակնկալել որպէս մեր կամքի իրականացումը, այլ պէտք ենք վստահիլ Աստուծոյ կամքին։ Նոյնիսկ եթէ Աստուծոյ կամքը յաճախ մեզի կրնայ անհասկնալի կը թուիլ, սակայն մենք վստահութիւն ունենալու ենք Անոր մեզի հանդէպ ունեցած սիրոյն։
Ապա խորհրդածութիւնը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ <<Ամենամեծ պարգեւը որ Աստուած կարող է մեզի տալ իր բարեկամութեան շնորհքն է,Անոր ներկայութիւնն ու սէրն է որուն պէտք ենք միշտ ձգտիլ եւ պահպանել։>>
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն` հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն։
Ձեզի սիրելի երիտասարդներ ( յարեց Նորին Սրբութիւնը ) մաղթանքս է որ Յիսուսը ընդունիք ձեր սրտերուն մէջ, ինք որ մեզ կը փրկէ իր սիրոյ ուժով։ Իսկ դուք սիրելի հիւանդներ որ խաչի փորձարութիւնն ունիք յառաջիկայ ծննդեան տօնակատարութիւնները թող ձեզի բերեն խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն ։ Հուսկ՝ դուք սիրելի նորապսակեալներ միշտ աճեցէք այն սիրոյ մէջ որ Յիսուս իր ծնունդով ուզեց մեզի պարգեւել։








All the contents on this site are copyrighted ©.