2011-12-14 12:36:44

Հայաստանի եւ Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Տեսակցութիւնը։


Հայաստանի նախագահին ուղեկցող պատուիրակութեան մաս կազմող Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ ներկայ Արտաքին Գործոց Նախարար Ճուլիօ Թերցի-ի հետ:

Հանդիպման մասնակիցները անդրադարձան հայ-իտալական քաղաքական, առեւտրական-տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման եւ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման առնչուող տարբեր հարցերու:
Մշակութային փոխանակումներու տեսանկիւնէն Էդուարդ Նալբանդեան կարեւոր նկատեց Հռոմի մէջ «Դուին. Հայաստանի մայրաքաղաքը Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ» եւ Վենետիկի մէջ «Հայաստան. Քաղաքակրթութեան դրոշմներ» ցուցահանդէսներու կայացումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ կառավարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ մշակութային արժէքներու վերականգնողական կեդրոնի հիմնադրման համար:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները:








All the contents on this site are copyrighted ©.