2011-12-14 11:55:10

Էջ մը Հայ Մատենագրութենէն
Արիստակէս Լաստիվերտցի


Արիստակէս Լաստիվերտցի
Իր մասին կենսագրական տեղեկութիւններ չունինք. Գիտենք որ Կարինի շրջանին Լաստիվերտ գիւղէն էր, եւ ապրած ըլլալու է 1000-էն 1071 թուականներուն, որով գրած է այդ շրջանի պատմութիւնը, որուն կ՛ըսէ ականատես եղած ըլլալ։ Իր գիւղը մօտ ըլլալով Արծնի, կը նկատէ Արծնը որպէս իր քաղաքը։ Իր գրութենէն եւ ոճէն յայտնի է թէ ան եկեղեցական դասին կը պատկանէր, որով յաճախ իր պատմութեան մէջ կը մէջբերէ մարգարէութիւններ ու կը ջանայ պատմական դէպքերը բացատրել աստուածային կամքի լոյսին տակ։
Արիստակէսի ժամանակ է որ Անի մայրաքաղաքը կը ծախուի Բիւզանդիոնի կայսրութեան եւ Բագրատունիները կը կորսնցնեն իրենց թագաւորութիւնը։ Լաստիվերտցին մանրամասնօրէն կը պատմէ հայ իշխաններու անհամաձայնութեան արդիւնք եղող այս դաւաճանական արարքը եւ երկարօրէն կ՛ողբայ հայ ազգի դժբախտ վիճակին վրայ։
Մեր ձեռքը հասած է Արիստակէս Լաստիվերտցիի պատմական գործը, հետեւեալ մակագրութեամբ. Պատմութիւն Հայոց, որ եւ ճառէ վասն անկման Անիի թագաւորութեան եւ արշաւանացն Սելճուքեան ազգաց։ Սոյն գրութիւնը առաջին անգամ տպագրուած է բնագիր Վենետիկի Սուրբ Ղազար վանքին մէջ, 1844-ին եւ ապա թարգմանուած է ֆրանսերէնի, Բրիւտոմ հայագէտին ձեռամբ եւ տպագրուած Փարիզ 1864-ին։
Իր նախերգանքին մէջ` Արիստակէս կ՛ընէ ողբը հայ ազգին, գուշակելով այն բոլոր չարիքները որ պիտի գային անոր գլխուն`ապագային, զոր կը վերագրէ բարքերու ապականութեան։ Փառք մեր դարձան յապականութիւն – կ՛ըսէ ան – շունչ ի մեզ ոչ մնաց, զօրացաւ մահ եւ եկուլ։ Այսինքն մեր բարքերը ապականեցան, հոգեւոր շունչ չմնաց մեր մէջ եւ մահը եկաւ կուլ տուաւ մեզ։
Ապա այս տխուր նախերգանքէն ետք` ան կը սկսի պատմել հին փառաւոր էջերը. Ամենամեծ անձնաւորութիւնը որուն մասին հիացմամբ կը խօսի Դաւիթ Կիւրաղապատն է, որ Տայքի իշխանն էր. Կը նկարագրէ զինք որպէս աշխարհաշէն, մեծապարգեւ եւ աղքատասէր։ Իր իշխանութեան տակ գտնուողները կը վայելէին մեծ հանգստութիւն եւ ապահովութիւն։ Ամենուրեք կը տիրէր խաղաղութիւն։
Ան վեր կը հանէ նաեւ Գագիկ Ա. թագաւորի անձը եւ անոր կատարած յաղթանակները թշնամիներու դէմ։ Սակայն Հայոց դժբախտութիւնը յառաջ կու գայ անոր երկու որդիներէն, Յովհաննէս-Սմբատ եւ Աշոտ, որոնք իրարու դէմ կը պատերազմին տիրանալու համար Հայաստանի գահին։ Շրջան մը կը դիմեն Ափխազներու Գորգի թագաւորին որ իրենց միջեւ հաշտութիւն կատարէ, սակայն ան աւելի կը ջանայ օգտուիլ առիթէն, հողեր գրաւելու համար. Ի վերջոյ` Յովհաննէս-Սմբատ կը կտակէ Անին Վասիլ կայսեր. Յոյները տէր կը դառնան քաղաքին, սակայն չեն կրնար զայն պաշտպանել Սելճուքներու արշաւանքին դէմ, Արփ Ասլանի ղեկավարութեամբ։ Կը շարունակէ պատմել Արփ Ասլանի արիւնարբու արշաւանքները Հայաստանի եւ Բիւզանդիոնի վրայ, հասնելով մինչեւ անոր մահը 1071 թուին, յետ Մանազկերտի ճակատամարտին։
Պատմական մեծ արժէք կը ներկայացնէ Լաստիվերտցիի գրութիւնը. Ան ճշգրտօրէն յարգած է ժամանակագրութիւնը, կը քննէ աղիտալի դէպքերու պատճառները եւ կը ջանայ միշտ կապել Սուրբ Գրքի մարգարէութեանց հետ։ Լեզուն պարզ է եւ կանոնաւոր. Մաքուր է ընդհանրապէս սակայն երբեմն կը գործածէ ռամիկ բառեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.