Եւրոպական Ճգնաժամը Կը Մտահոգէ Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը Եւ Հրեաներու Ռաբունապետը
Ճոնաթան Սաքս-ը։ «Հրեաները եւ Քրիստոնեաները ըլլալու են «ստեղծագործ փոքրամասնութիւն»։
Հրէական համայնքներու գլխաւոր Ռաբունապետը Ճոնաթան Սաքս, մամուլին յայտարարծ է թէ ինք
կը բաժնեկցի Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի մտահոգութիւնները, ի տես մեր ապրած տնտեսական
ճգնաժամին: Ռաբունապետ Ճոնաթան Սաքս այս յայտարարութիւնը ըրած է դեկտեմբեր 12ին Պենետիկտոս
ԺԶ քահանայապետի հետ ունեցած իր հանդիպումէն մի քանի ժամ ետք, Հռոմի Գրիգորեան Համալսարանի
մէջ տեղի ունեցած <<Եւրոպայի Հոգին>> խոռագրով գիտաժողովի ընթացքին։ Հրեայ եւ Քրիտոսնեայ
պատասխանատուներու առջեւ ունեցած իր ելոյթի ընթացքին Ռաբունապետը անդրադարձած է Վատիկանի
եւ Հրեաներու պատմական յարաբերութիւններու ,հաստատելով որ ժամանակը հասած է սկսելու
յարաբերութիւններու նոր հանգրուան մը, ի տես Եւրոպայի մէջ տիրող աշխարհականացումին։ Սաքս
Ռաբունապետը ապա հարց տուած է թէ ինչպէս հրեաները եւ քրիստոնեաները կարող են նպաստել
հասարակութիւններու բարելաւման, եւ այս հարցումին պատասխանած է գործածելով Պենետիկտոս
ԺԶ բանաձեւը,այն է՝ «ստեղծագործ փոքրամասնութիւններ»։