Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Յուսախաբ Մնացած է Տուրպանի Բնապահպանութեան Ժողովէն,
Եւ Հարց Տուած Է Թէ ՝՝Ի՞նչ Ժառանգութիւն Կը Թողունք Ապագայ Սերունդին՝՝։
194 երկիրներ միատեղ հաւաքուած Հարաւային Ափրիկէի Տուրպան քաղաքը կարողացան նուազագոյնս
համաձայնութիւն մը կնքել բնապահպանութեան մասին, անցեալ 11 դեկտեմբերին։ Եկեղեցիներու
համաշխարհային խորհուրդը յուսախաբ մնացած է Տուրպանի բնապահպանութեան ժողովի արդիւնքէն։
Արդարեւ միջազգային հասարակութիւնը այդ ուղղութեամբ շատ բան կ'ակնկալէր Տուրպ անի ժողովէն։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը` վերապատուելի Օլավ
Թվէյթ մամլոյ հետ ունեցած իր ելոթին ըսած է որ Տուրպանի ժողովի արդունքները անբաւարար
են համապատասխանելու ապագայ սերունդին մեր թողելիք ժառանգութեան համար , ընդգծելով որ
մենք պէտք է որ ունկնդրենք թերաճ երկիրներու ու ժողովուրդներու ձայնը խորհելով միաժամանակ
թէ ՝՝ ի՞նչ ժառանգութիւն կը թողունք մեր զաւակներուն՝՝։ Եկեղեցիները կանչուած են այդ
ուղղութեամբ աշխատելու ու նաեւ աղօթելու , մասնաւորապէս այս շրջանին, մինչ կը պատրաստուինք
տօնախմբելու Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը։ Հայր Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Միածին Որդին որպէսզի
փրկէ մարդիկը ու երկրագունդը ։