2011-12-14 12:35:47

Բարեկամութեան ԽԱՉՔԱՐի Զետեղումը Հռոմի Պրասքի Պալատին մէջ(Palazzo Braschi)։


Երէկ Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական ԽԱՉՔԱՐի զետեղման արարողութիւնը մասնակցութեամբը Հռոմի քաղաքապետ Ճաննի Ալէմաննոյի եւ Հայաստանի Պատուիրակութեան (ընդ որս Նախագահ Սարգսեան եւ Երեւանի Քաղաքապետը Տարօն Մարգարեան) ։
Հայկական Խաչքարը դրուեցաւ Հռոմի Պրասքի Պալատի(Palazzo Braschi) ներքնաբակին մէջ։ Ճաննի Ալէմաննօ շատ գեղեցիկ արտայտութիւններ ունեցաւ Հայաստանի ու Հայերու մասին ՝՝ Ինծի համար մեծ պատիւ է, մանաւանդ թէ մեծ ուրախութիւն ստանալ Խաչքարը որ Հայաստան որոշեց նուիրել Քրիստոնէութեան մայրաքաղաքին։ Ասիկա պատմական պահ մըն է Հայերուն եւ Իտալացիներուն համար։ Բոլորս լաւ կը ճանչնանք կորովը Հայ Եկեղեցւոյ,մասնաւորապէս այն ինչ որ անիկայ ներկայացուց որպէս պատնէշ Մահմէտականութեան դէմ, եւ տառապանքը հայ ժողովուրդին Աստուածամերժ վարչակարգերու տարիներուն։ Այս Խաչքարը (ըսաւ դեռ Հռոմի քաղաքապետը Ճաննի Ալէմաննօ) մեզի համար խորհրդանիշ մընէ կը ներկայացնէ՝ Եկեղեցին,Հայ Համայնքը եւ է՝ Սրբակոթող խաղաղութեան ու եղբայրութեան՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.