2011-12-13 11:42:46

Մամլոյ ասուլիս Պենեդիկտոս ԺԶ. քահանայապետի «Աշխարհի Լոյսը» խորագրով նոր հատորին մասին


Ուրբաթ 9 դեկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան, Լիբանանի ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբը գումարեց մամլոյ ասուլիս մը, կաթողիկէ լրուատուական կեդրոնին մէջ, ներկայացնելու համար սրբազան Բենեդիկտոս ԺԶ. քահանայապետի նոր հատորը՝ «Աշխարհի Լոյսը» խորագրով։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան յանձնախումբի նոր նախագահ՝ եպիսկոպոս Պուլոս Մաթարը, Ալ Րայի մարոնիթ պատրիարքին ներկայացուցիչ՝ եպիսկոպոս Հաննա Ուլուան, առաքելական նուիրակը եւ մեծ թիւով հոգեւոր ու մտաւորական դէմքեր, որոնց կարգին ներկայ էր գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:
Սկիզբը՝ կեդրոնի տնօրէն տէր Ապտօ Ապու Քասմ ողջունեց Մաթար եպիսկոպոսն ու ներկաները, նշելով որ նոր հատորը կը մարմնաւորէ սրբազան քահանայապետին անձնաւորութիւնը իր բոլոր աստուածաբանական, հոգեւոր, մարդկային եւ ընկերային իմաստներով, որոնք յատկանշեցին իր առաքելութիւնը քահանայական շրջանէն մինչեւ քահանայապետական աստիճան բարձրանալը, յոյս յայտնելով որ այս գիրքը առիթ կը հանդիսանայ խորհրդածելու ամէն հաւատացեալ անհատի անձին մասին, որ կը պահէ կրօնական ու բարոյական արժէքները։
Իսկ Լիբանանի ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբի նախագահ՝ եպիսկոպոս Պուլոս Մաթար իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ սրբազան քահանայապետի նոր հատորին մասին՝ «Աշխարհի Լոյսը», որ լոյս տեսաւ վերջերս եւ անոր ընդմէջէն լայնօրէն խօսեցաւ Եկեղեցւոյ զանազան խնդիրներուն ու դժուարութիւններուն մասին այս դարաշրջանին։
Մամլոյ ասուլիսին խօսք առին նաեւ Լիբանանի նախկին խորհրդարանի փոխ նախագահ Էլի ֆէրզլի, որ շեշտեց գիրքին առաքելութեան վրայ՝ յառաջացնելու քաղաքակրթութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը, Թաուհիտ Ուրֆան հաստատութեան ընդհանուր քարտուղար շէյխ Ապուլ Մունա իր կարգին կոչ ուղղեց աւելի ճիգ թափելու որպէսզի մեր կրօնները չվերածուին հեթանոսական անփոփոխելի ծիսակատարութիւններու. ինչպէս նաեւ խօսեցան Վատիկանի հրատարակչատան տնօրէն տոքթոր Ժոզէֆ Տը Գոսթա եւ գիրքի արաբերէնի թարգմանիչ՝ պարոն Անթուան Շպէյր, որ անդրադարձաւ գիրքին ընդհանուր պարունակութեան։
Աւարտին տեղի ունեցաւ մետալներու բաշխում անոնց, որոնք մասնակցեցան այս հատորին հրատարակութեան գործին եւ ասուլիսի մասնակիցներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.