2011-12-13 13:27:20

Հայ Մշակոյթի եւ Զօրակցութեան Միութեան Նոր Հաւաքատեղիի Բացումը Իսթանպուլի Մէջ։


11 Դեկտեմբերին Պոլսոյ կեդրոնական Պէյօղլու թաղի Սահնէ փողոցը գտնուող Հայ Մշակոյթի եւ Զօրակցութեան Միութեան նոր հաւաքավայրի բացումը կատարուեցաւ։ Միութեան գլխաւոր նպատակն է հայոց լեզուն պահպանել եւ ժողովուրդներուն ծանօթացնել՝Հայոց Մշակոյթը։ Բացման հանդիսութեան մասնակցեցաւ արուեստագէտ Եաշար Գուրթ։ Ներկայ էին նաեւ ՍԷ-ԿԷ-Տէի(Ընկերվարական Երիտասարդական Միութեան) բազմաթիւ անդամները։
Միութեան մէջ կը կազմակերպուին նաեւ աշխատանք՝շարժանկարի,լուսանկարի,պարի,երաժշտութեան բնագաւառներէն ներս։ Բոլոր այս գործունէութիւնները բաց են փափաքողներու առջեւ։
Հաւաքոյթի աւարտին կազմակերպիչները գետին զարնելով փշրեցին ՆՈՒՌ մը ,որ հայոց կողմէ ընդունուած է որպէս՝առատութեան,եղբայրութեան ու միասնութեան Խորհրդանշանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.