2011-12-13 11:41:00

Իրաքի քրիստոնեաները կը պատրաստուին Յիսուսի ս. Ծնունդը տօնել վախի ու յոյսի մթնոլորտին մէջ։


Ի տես Իրաքի ներկայ խռովքի ու ընդհարումի կացութեան, ուր ամերիկեան ոյժը կը պատրաստուի քաշուիլ երկրէն, 2011-ի Ծնունդը շրջափակումի իրավիճակի մէջ է։ Տառապող եկեղեցին մարդասիրական մարմինը արդէն յայտնած է իր տրամադրութիւնը օգնութեան հասնելու Իրաքի քրիստոնեաներուն։
Փոքրամասնութիւններու իրաւճունքի միջազգային կազմակերպութեան տուեալներու համաձայն Իրաքի մէջ նախայարձակումի զինեալ գործողութիւնները քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու դէմ բազմացած են եւ քրիստոնեաները օրէօր կը գաղթեն։ Խտրականութեան հետեւանքով փոքրամասնութիւնները աշխատանքի, դաստիարակութեան ու առողջապահութեան դժուրարութիւններ կը դիմագրաւեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.