2011-12-13 11:38:46

Գերապայծառ Չելլի կը մեծարէ յիշատակը կարտինալ ֆոլէյի, որու շնոհիւ թեխնիքական մեծ նորութիւններ ներմուծուեցան Վատիկան։


Գերապայծառ Չելի` նախագահը ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդին մեծարեց յիշատակը իր նախորդին կարտինալ ֆոլէյի, որ իր մահկանացուն կնքեց 11 դեկտեմբեր 2011-ին։ Կարտինալ ֆոլէյ 23 տարի ղեկավարեց ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդը, եւ որու շնորհիւ Վատիկանը ճոխացաւ թեխնիքական մեծ նորութիւններով, եւ իմաստութեամբ հարթեց Եկեղեցւոյ հովուական ճանապարհը թեխնիքական նոր մարտահրաւէրներու։ Հանգուցեալ կարտինալը միշտ եղած է ժպտադէմ ու հիւրընկալ։
Հանգուցեալ կարտինալը ծնած է ԱՄՆի ֆիլատելֆիա քաղաքը, 11 նոյեմբեր 1953ին, մասնագէտ պատմութեան եւ իմաստասիրութեան։ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովին եղաւ թղթակիցը ’Catholic Standard and Times’ ֆիլատելֆիայի թերթին։ Ապա 1970-1984 ան եղաւ յիշեալ թերթին տնօրէնը եւ միաժամանակ աշխատակցած ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսիլի հաղորդասփռումներուն։ 1984-ին Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահանայապետը զինք Հռոմ կանչեց եւ նշանակեց նախագահը ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդին։ 2007ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը զինք նշանակեց ղեկավարը Երուսաղէմի ս. Թաղման ասպետներու կարգին եւ նոյն տարին անոր շնորհեց կարտինալական աստիճանը։ Անոր մահով կարտինալական դասը ներկայիս կը հաշուէ 109 ընտրող կարտինալներ 192ի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.