2011-12-12 14:52:14

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 12էն /15-ը աշխատանքային այցով Ժամանեց Իտալիայ։ Նախագահը Այսօր 12 Դեկտեմբեր Վատիկանի մէջ Ընդունուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կողմէ:


12 Դեկտեմբերին,ժամը 11.00ին. Նախագահ Սարգսեան Քահանայապետի հետ նախ առանձնական հանդիպում մը ունեցաւ (Քահանայապետի աշխատասենեակը) , որմէ յետոյ Սրբազան Հօր ներկայացուց իրեն ընկերացող պատուիրակութիւն, ընդ շարս որոնց որս Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարդ Նալպանտեան եւ Երեւանի Քաղաքապետը, այս տեսակցութեան աւարտին Նախագահ Սարգիսեան Նորին Սրբութեան նուիրեց Երկու Կիներ ներկայացող պղինձէ արձան մը,՝՝երկու կիներ որոնք 1200ի ձեռագիր մը ազատած են կորուստէն, ի գին իրենց կեանքին՝՝ ։ Ձեռագիր մը որ այսօր պահուած է Երեւանի Մատենադարանի մէջ։
Սրբազան Քահանայապետի էետ հանդիպումի աւարտին Նախագահ Սրագսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի հետ միասին ու Վատիկանի արտգործ նախարար գերապայծառ Էթթորէ Պալէսթրէրօյի հետ։ Պաշտօնական հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւններու մասին ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ դերի մասին հասարակական կեանքէն ներս ու նա մանաւադ Հայաստանի Քրիտոնէական ժառանգութեան կը սատարէ հիմնական արժէքներով դաստիարակելու նոր սերունդը։

Վատիկանի մէջ կայացած հանդիպումի աւարտին Նախագահ Սարգսեան ու իր շքախումբը ուղղուեցան Հռոմի Սուրբ Նիկողայոսի անուան Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին, ուր զինք դիմաւորեցին Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան հոգեւորականները, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը ու նաեւ Հռոմահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Նախագահին Ողջոյնի խօսք ուղղեց, Լեւոնեան Դպրեվանքի Մեծաւորը Հայր Գէորգ Նորատունկեանը, որ յայտնելով իր ցնծութիւնը Նախագահի ներկայութեան համար Լեւոնեան Դպրեվանքի երդիկէն ներս, բացատրութիւններ տուաւ՝ Եկեղեցւոյ անցեալի մասին, ինչպէս նաեւ Հռոմի մէջ գոյութիւն ունեցող Ռատիօ Վատիկանի, Թէլէբաչէ Արմէնիա Հեռուստակայանի, ու Մալոյեան Մշակութային Կեդրոնի մասին՝ որ կը գործէ հայապահպանման ի խնդիր։ Մեծաւոր վարդապետէն ետք, խօսք առաւ Հայաստանի Վրաստանի ու Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդը, Գերապատիւ Հայր Ռափայէլ եպս. Միասեան որ յանուն թերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին՝ Բարի Գալուստի խօսք ուղղեց Տիար Նախագահին, մաղթելով ՝՝յարատեւութիւն ի զօրու համագործակցութեան Հայաստանի ու Հայ Ազգի Բարգաւաճումին ի նպաստ՝՝ ։
Նշենք որ Սրագսեան այցելեց նաեւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հոյակերտ Տաճարի մուտքի աջ կողմը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան գաւիթի մէջ զետեղուած արտաքին պատի որմախորշին մէջ Հայ Ազգի Լուսաւորիչի արձանը որ գործն է տաղանդաւոր քանդակագործ պէյրութահայ Խաչիկ Գազանճեանի եւ ունի 5 մէթր 64 սանթիմ բարձրութիւն։

Նախագահ Սարդսեան վաղը պիտի տեսակցի Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանոյի, Խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատի նախագահ Ճանֆրանքօ Ֆինիի, եւ Հռոմի քաղաքապետ Ճաննի Ալեմմանոյի հետ ու Հռոմի Պրասքի Թանգարանի մէջ «Դվին. Հայաստանի մայրաքաղաքը Եւրոպայի և Ասիոյ միջև» խորագրով ցուցահանդէսը այցելելով` բացումը պիտի կատարէ 12րդ դարու պատկանող Խաչքարի մը զետեղման։








All the contents on this site are copyrighted ©.