2011-12-12 14:59:35

Լատինամերիկայի Երկիրներու Անկախութեան Երկուհարիւրամեակի Առթիւ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ Վատիկանի Մէջ։


Լատինամերիկայի պաշտպան սրբուհի Կուատալուբի Տիրամօր տօնին առթիւ, 12 դեկտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ, երեկոյեան ժամը 5,30ին, կը գլխաւորէ համապատարագի Սուրբ արարողութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետին հետ կը համապատարագեն Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը` կարտինալ Պերթոնէ, Եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը` եւ լատինամերիկայի յանձնախումբին նախագահ ` կարտինալ Ուելէ ինչպէս նաեւ Պրազիլի եպիսկոպոսական դասի Նախագահը Կարտինալ Րայմունտօ Տամաշէնոն։ Համապատարագին կը մասնակցին լատինամերիկայի եկեղեցական թէ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւնները ինչպէս նաեւ լատինամերկայի քաղաքացի հաւատացեալներ։
Այս արարողութեամբ Ս. Աթոռը կ'ուզէ մասնակցիլ Լատինամերիկայի երկու հարիւրամեակի անկախութեան տօնախմբութիւններուն, որոնք պիտի եզրափակուին 2014ին։ Այս նախաձեռնութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կ'ուզէ յայտնել իր սէրն ու զօրակցութիւնը ''Յոյսի այս ցամաքամաս''ի ազգերու ու ժողովուրդներու եւ միաժամանակ մատնանշել հովուական հոգատարութիւնը, հանդէպ այդ ժողովուրդներուն որոնք ընդունեցան Քրիստիոսի Աւետարանը։
Նշենք որ Կուատալուբի Տիրամայրը ճանչցուած է որպէս Նոր Աւետարանաութեան Աստղը ու անոր ուխատատեղին Լատինամերկայի ամենաշատ այցելուած ուխտավայրն է։
Լատինամերկայի 20 երկիրներու կաթողիկեները կը ներկայացնեն աշխարհի Կաթողիկէութեան 40 տոկոսը ու անոնք մեծ ջեռմերանդութեամբ ու որդեական սիրով կապուած են Ս. Կոյս Մարիամին։
Անկախութեան երկուհարիւրամեակի տօնախմբութիւններու մասնակցութեամբ Վատիկանը կը նպատակադրէ ի յայտ դնել ''յոյսի ցամաքամաս''ի ներկայ իրավիճակը եւ զայն քաջալերել ընթանալու խաղաղութեան ու արդարութեան ճանապարհին վրայ։ Նշենք որ 2012 տարուայ ընթացքին հաւանական է որ Սրբազան Քահանայապետը հովուական այելութիւն կատարէ Լատին Ամերիկայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.