2011-12-10 12:15:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը:


Շաբաթ 10 դեկտեմբեր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց
կարտինալ Ուլիամ Ժոզէֆ Լեվատա` կառավարիչը հաւատոյ ժողովին,
Գերապայծառ ֆիլոնի` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին,
Համագործակցական դրամատուներու մէկ պատուիրակութիւնը, թիւով 80 հոգի։
Նախապէս Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ, Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ, Պատարագ մատոյց Համագործակցական դրամատուներու մեծ թիւով պաշտօնեաներուն։
Անոնց ուղղած քարոզին մէջ կարտինալ Պերթոնէ ըսաւ. ՝՝կը գտնուինք Յիսնակացի շրջանին մէջ`որ է շրջան պատրաստութեան Յիսուսի Ս. Ծննդեան։
Այսօրուան ծիսակատարութիւնը մեզ կը հրաւիրէ խորհրդածելու երեք կէտերու վրայ։ Առաջին՝ Եղիա եւ Յովհաննէս Մկրտիչ Մարգարէներու վրայ։ Եկրորդ` Ի՞նչ կը նշանակէ մարգարէ ըլլալ այսօր։ Եւ հուսկ հակիրճ խորհրդածութիւնը մը կատարեց Համագործակցական դրամատուներու տարած աշխատանքին մասին` տնտեսութեան աշխարհէն ներս ։
Հին Կտակարանի այսօրուան մեր ընթերցումը, կը հրաւիրէ մեզ խորհրդածելու Սպասումի մասին Յիսուսի Գալստեան։ ։ Եղիա եւ Յովհաննէս Մկրտիչը մեզի կը յայտնեն թէ ժամանակը մօտեցած է,ուստի պատրաստուինք լաւագոյնս ընդունելու Ան որ կու գայ Տիրոջ անունով` Յարուցեալ Քրիստոսը։
Եղիա եւ Յովհաննէս Մկրտիչը մեզ կը հրաւիրեն հարցադրելու մարգարէ բառին նշանակութեան մասին։ Կարտինալ Պերթոնէ հարց տուաւ թէ ՝՝այսօր ի՞նչ կը նշանակէ մարգարէ ըլլալ՝՝ը ։ Եղիայի ու Մկրտիչի նման մենք կանչուած ենք ընթանալու հակահոսանքին դէմ, յանդգնիլ յանուն Աստուծոյ քալել հակառակ ուղղութեամբ ,ներկայ ժամանակներու մտայնութեան ու ապրումին։ Եղիա ու Մկրտիչը քաջ էին։ Անոնք իրենց քարոզութեամբ ու կեանքի վկայութեամբ ապրեցան իրենց հաւատքը, հակասզդելով օրուան ըմբռնումներուն։ Այսօր Արեւմուտքին մէջ ով որ ինքզինք քրիստոնեայ կը հռչակէ ծիծաղելի կը դառնայ, իսկ երկրի այլ վայրերրու մէջ, ան կը հալածուի։ Մ՞իթէ մարգարէ մը չէ անիկա որ ինքզինք կը հռչակէ Յիսուսի աշակերտ (հարց տուաւ կարտինալ Պերթոնէ)։

Հուսկ Վատիկանի պետական քարտուղարը ըսաւ. ներկայիս` տնտեսութիւնը մարդու մեծագոյն մտահոգութիւնն է ,ներկայ տագնապին հետաւանքով։ Այս իրավիճակը հետեւանքն է համաշխարհայնականացումին, որ չի ճանչնար բարոյականութիւն՝ այլ շահը։ Եկեղեցին ընդհակառակը կը հաստատէ որ իւրաքանչիւր տագնապի դրդապատճառը բարոյականութեան ու հոգեւորականութեան բացակայութիւնն է ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր(յարեց Կարտինալ Պերթոնէ) Հարկ է որ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան սկզզբունքները ներթափանցեն ձեր կեանքին մէջ ու աշխարհին մէջ ։ Եկեղեցին ձեզի կ՝նկերանայ ու նեցուկ կը կանգնի ձեզի։ Կ՝աղոթեմ որպէսզի անդորրութեամբ ապրիք Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնը ։
Ձեզ ու ձեր ընտանեկան պարագաները կը յանձնեմ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին` Փրկչին Մայրը, որպէսզի ան ձեզ առաջնորդէ ու զօրացնէ իր Մայրական հով անաւորութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.