2011-12-10 12:31:58

Պատրիարքական Անուանումներ ։


Հինգշաբթոի 8 դեկտեմբեր 2011, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր Ներսես Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոսը, Գերյարգելի հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեանը անուանեց, Սուրբերու Դատերու Պատրիարքական Յանձնախումբի Պատասխանատու։

Անուանումի նամակին մէջ յիշուած է, որ «1915-ի Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի թուականը մօտենալով, Սուրբ Աթոռի կողմէ մեր նահատակներուն ոգեկոչման հարցը համայն Հայ Ազգին, եւ յատկապէս Մեր Նուիրապետութեան համար կենսական ու հրատապ հարցերէն մին է»։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ապա անուանեց Հայր Միշէլ վրդ. Քայյալը (Հալէպի հայ կաթողիկէ թեմէն) որպէս դատախազ` անդամ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դատական ատեանին, ան այս պաշտօնը կը ստանձնէ մինչեւ 31 մարտ 2013։

Հուսկ հայր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան անուանուեցաւ որպէս Պատրիարքական Թեմի Համամիութենական Յանձնախումբի հոգեւոր վարիչ։ Համամիութենական Յանձնախումբի պատասխանատուն է տիար Ապպուտ Պօղոս, իսկ տիարք Ֆուատ Գարգուր, Անթուան Ուզունեան եւ Տիկին Ժոէլ Նաճարեան վերոյիշեալ յանձնախումբի
անդամներն են։








All the contents on this site are copyrighted ©.