2011-12-09 09:58:24

Մարիամ Աշխարհի Յոյսն է Ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը


Երէկ 8 դեկտեմբեր 2011 յետ միջօրէին` ըստ լատինաց Սուրբ Կոյսի Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ինքնաշարժով մեկնելով Վատիկանէն` ժամը 16.15 հասաւ Հռոմի պատմական Piazza di Spagna հրապարակը, ուր մեծարեց հոն գտնուող Անարատ Յղութեան Տիրամօր Արձանը ի ներկայութեան եկեղեցական եւ քաղաքական պատգամաւորներու եւ Հռովմէացի ու օտարազգի հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։
Իր արտսանած Ճարին մէջ Սրբազան Հայրը մեկնելով Յայտնութեան գիրգի այն հատուածէն ուր կը խօսուի արեւով ծածկուած կնոջ ու վիշապի մասին, անդրադարձաւ Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ եկեղեցւոյ իրողութեան` յայտնելով որ Եկեղեցին միշտ հետապնդուած ու հալածուած եղած է է բայց միշտ ալ յաղթական հանդիսացած։ Եկեղեցւոյ միակ վտանքը անոր անդամներուն մեղքերն են։Ասօր համար է - հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը - որ պէտք ենք աղօթելՄարիամի որպէսզի նեցուկ կանգնի մեզի մեր քրիտոնէական ապրելակերպին մէջ եւ որպէսզի մեզի յոյս ներշնջէ։ Յոյս մը որուն պէտք ունինք այսօր` աւելի քան երբէք, Իտալիոյ համար, եւրոպայի ու համայն աշխարհի համար։
Թող Տիրամայրը մեզի օգնէ որ կարենանք տեսնել թէ իրականութիւնը պատող մառախուղէն անդին գոյութիւն ունի լոյս մը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր խօսքը - ու ապա Piazza di Spagna - ի հրապարակը գտնուող Անարատ Յղութեան Տիրամօր Արձանին ոտքին զետեղեց ճերմակ վարդենիներու ծաղկեփունջ մը, խորհրդանիշ` մաքրութեան եւ անմեղութեան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.