2011-12-08 12:49:07

Ս. Աթոռը Գաղթականութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Անդամ։


Ս. Աթոռը, 5 դեկտեմբերին, անդամ դարձաւ Գաղթականութեան Միջազգային Կազմակերպութեան։ Նախապէս Ս. Աթոռը այդ կազմակերպութեան մէջ դիտորդի դեր ունէր։ Գերապայծառ Թոմազի (մնայուն դէտը ՄԱԿի՝ ժընեւի Աթոռին մօտ) յայտարարեց որ այս ՝՝անդամակցութեամբ՝՝ Վատիկանը ի վիճակի է ''բարոյական ձայն '' հանդիսանալու Գաղթականութեան երեւոյթին եւ իր օժանդակութիւնը բերելու ընկերային բազմաթիւ կացութիւններու։ Յայտնենք որ Ս. Աթոռը գործօն մեծ դեր ունի ի սպաս գաղթականներուն, շնորհիւ կաթողիկէ կազմակերպութիւններու մեծ ցանցին։ Եկեղեցին` հարիւրամեակէ ասդին պաշտպանը կը հանդիսանայ գաղթականին եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մշտատեւ կը պաշտպանէ գաղթականին դատը ։
Գաղթականութեան Միջազգային Կազմակերպութիւնը հաստատուած է 1951-ին։ Ներկայիս այդ կազմակերպութեան անդամ են 146 Պետութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.