2011-12-08 14:09:22

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի «ՍԱՆ ՄԸ ՈՐԴԵԳՐԷ» Ծրագիրը։


Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 9։00ին, «Մեթրոփոլիթըն Փալաս» հիւրանոցի «Նուրա Հոլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի աւանդական դարձած տարեկան բարեսիրական ընթրիքը, ի նպաստ «Սան Մը Որդեգրէ» ծրագրին։ Ընթրիքին ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, բարերարներ, վարժարանի բարեկամներ, տեսչական կազմի անդամներ եւ օժանդակ մարմիններու ներկայացուցիչներ։
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի բարեկամներէն՝ Մհեր Գալենտէրեան, յատկապէս շեշտը դնելով հայ վարժարանի մը, որպէս հայապահպանութեան գործընթացի կարեւորագոյն օղակին թիկունք կանգնելու անհրաժեշտութեան վրայ։
Վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ ներկաներուն փոխանցելով իր սրտի խօսքը, ներկայացուց վարժարանին այսօրուան իրավիճակը տարբեր կէտերէ մեկնած։
Յարմար առիթ նկատելով օրուան հաւաքը, պարոն Տնօրէնի խնդրանքով, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Մեսրոպեանի ողջ անձնակազմին անունով յուշանուէր մը յանձնեց Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանին առ ի երախտագիտութիւն անոր երկարամեայ ծառայութեան Մեսրոպեան վարժարանին։
Բարեսիրական ընթրիքի ընթացքին, որուն ներկայ էր վարժարանի մնայուն եւ անկեղծ բարեկամ ու բարերար Տիար Վարուժ Ներկիզեան, առ ի գնահատանք ու երախտագիտութիւն անոր վարժարանին նուիրուածութեան, յատուկ յուշանուէր՝ «Սուրբ Աւետարան»ը յանձնեց Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան։ Խօսք առնելով, վարժարանի բարերարը նշեց, որ շուտով, Մարտ 8-ին, Տուպայի մէջ անձամբ կը կազմակերպէ բարեսիրական ճաշկերոյթ մը, ի նպաստ լիբանանահայ կաթողիկէ վարժարաններու։
Ընթրիքի ընթացքին նաեւ յատուկօրէն մեծարուեցան Տէր եւ Տիկ. Էտկար եւ Էլիզապէթ Սիուֆիները, որոնց երախտագիտական յուշանուէր յանձնեց Լիբանանահայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ՝ Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.