2011-12-08 12:47:03

՝՝Իւրաքանչիւր Բարի Արարք Կարող է Լուսաւորելու՝ Գիշերուայ Խաւարը՝՝ ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։


Չորեքշաբթի 7 Դեկտեմբերին, յետ միջօրէին, "tablet" ի միջոցաւ լուսաւորելով Իտալիոյ Ումպրիայ Մարզի Կուպիոյ Քաղաքի Ինճինօ լերան լանջը գտնուող աշխարհի ամենամեծ Ծնունդի Տօնածառը, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանյապետը ըսաւ <<Իւրաքանչիւր բարի արարք կարող է լուսաւորելու գիշերուայ խաւարը >> ու աւելցուց <<Լոյս մը որ կը լուսաւորէ մեր կեանքի ճանապարհը նա մանաւանդ ներկայ տօնական շրջանին,յորում յատկապէս զգալի են դժուարութիւններու` եւ տարապանքներու բեռը, եւ թէ խաւարի քօղ մը կը պատէ մեզ։ Լոյս մը որ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է յաջողի տանիլ իր ապրած միջավայրը <<ընտանիք, աշխատավայր, թաղամաս, գիւղ կամ քաղաք>>։ Իւրաքանչիւր մարդ մէկ կողմ դնելու է եսասիրութիւնը ու բանալու է իր սիրտը շուրջիններուն, անոնց յատկացնելով ուշադրութիւն ու սէր։ Ամէն մի փոքր արարք` նման այս Եղեւին զարդարող գունաւոր մէկ լոյսի , միւս բոլոր լոյսերու հետ միասին կարող է շողշողալ ու լուսաւորել գիշերուայ մթութիւնը։ Կր մաղթեմ (ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով իր խօսքը ) որ մեր նայուածքը սեւեռենք` ինչպէս այս ծառը, դէպի վեր` դէպի երկինք` դէպի Աստուած։ Ան երբէք չի մոռնար մեզ` բայց կը պահանջէ որ մենք ալ Զինք չի մոռնանք։









All the contents on this site are copyrighted ©.