2011-12-07 14:07:22

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Այսօր Չորեքշաբթի 7 դեկտեմբեր , Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը աղօթքի մասին, Նորին Սրբութիւնը անդրադաձաւ <<Ցնծութեան Օրհներգի>> ն, որ ( ըսաւ Ան ) մեզի փոխանցուած է Մատթէոս ուՂուկաս Աւետարանիչներու միջոցաւ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր(ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքի սկիզբը)
<<Ցնծութեան Օրհներգը>> Յիսուսի աղօթքի գոհարներէն մին է։ Ան կը սկսի ուրախութեան արտայայտումով ու Աստուծոյ ծրագիրի լիակատար ճանաչումով։զԱստուած ՝՝Հայր՝՝ կոչելով, Յիսուս կ՛արտայատէ իր վճռակամութիւնը թէ ինքն է Որդին։ Եւ այս ահա է՝ աղօթքի աղբիւրն ու առանցքը։
Յիսուս ցոյց կու տայ թէ ճշմարիտ գիտելիքը Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ կը կայանայ։
զԱստուած անուանելով <<Տէր երկինքի եւ երկրի>> Յիսուս կ՛ամփոփէ հաւատքը` հանդէպ Ստեղածագործութեան ։ Ու կը յիշեցնէ Աստուածաշունջի Աստուծոյ մարդու հանդէպ ունեցած անհուն սիրոյ պատմութիւնը։
Յիսուսի միջոցաւ մարդուն տրուած է առիթը հանդիպելու Աստուծոյ հետ։ Սակայն այս յայտնութիւնը կարելի չէ ըստ մարդկային տրամաբանութեան ։Ան սահմանուած է Փոքրերուն։ Այն մանկութեան՝ որ որդիական մտերմութեամբ կը բացուի Աստուծոյ եւ կ՛ընդունի անոր կամքը։ Սիրտի մաքրութիւնն է որ կարողութիւնն ունի ճանչնալու Աստուծոյ Դէմքը Յիսուս Քրիստոսի մէջ։
Իր հայրական խնամքին տակ առնելով Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ բացուելու Սուրբ Հոգիի Լոյսին։ Ու մեզի կ՛առաջարկէ Աւետարանի իմաստութեան ճանապարհի միջոցաւ հետեւելու իրեն որ է Միակ Որդին որ կատարեալ հաղորդութեան մէջ է Հօրը հետ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, հայրական յատուկ խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Սիրելիներ (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ) Անարատ Յղութեան Տօնը զոր վաղը կը յիշատակենք մեզի կը յիշեցնէ Տիրամօր յատուկ նուիրումը Աստուծոյ Փրկագործական ծրագիրին։ Ամէն մեղքէ ու ապականութենէ զերծ, ան եղաւ Սուրբ բնակավայրը մարմնացած Բանին։ Ան միշտ վստահեցաւ Աստուծոյ։
Սիրելի երիտասարդներ ձգտեցէք անոր նմանելու մաքուր ու պարզ սրտով` յանձնելով դուք զձեզ Աստուծոյ։
Իսկ Դուք սիրելի հիւանդներ Մարիամի օգնութեամբ միշտ վստահեցէք Տիրոջ որ կը ճանչնայ ձեր տառապանքները եւ զանոնք կը միացնէ իրեն ցաւերուն, ու այս բոլորը կը նուիրէ աշխարհի փրկութեան համար։ Հուսկ՝ դուք սիրելի նորապսակեալներ որ կը փափաքիք ձեր տուները կառուցել Աստուծոյ շնորհքին վրայ հիմնուելով` ձեր օճախները դարցուցէք` Նազարեթի Տան նման` սիրոյ եւ ողորմութեան վայրեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.