2011-12-07 14:08:11

Միլանօ Քաղաքի Պաշտպան Սուրբը՝ Սուրբ Ամբրոզիոսի Տօնը։


Չորեքշաբթի 7 դեկտեմբեր , Լատին ծիսական օրացոյցի համաձայն տօնն է Միլանոյի Պաշտպան Սուրբի՝ Սուրբ Ամբրոզիոս Հայրապետին։
Աուրէլիօ Ամբրոզիոս ծնած է Դրէվիրի մէջ 340 թուականին ու վախճանած 397ին։ Ան եղած է եպիսկոպոս` գրագէտ ու քաղաքական գործիչ, նա մանաւանդ 4րդ դարու եկեղեցական ամենէն ազդու անձնաւորութիւններէն մին։
Համայն Քրիստոնայ եկեղեցիներու կողմէ պաշտամունքի արժանի` Ամբրոզիոս Հայրապետը, կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ նկատուած է որպէս Եկեղեցւոյ ամենակարեւոր չորս վարդապետներէն մին՝ Սուրբ Ճիրոլամոյի` Սուրբ Օգոստինոսի եւ Սուրբ Գրիգոր Ա. Քահանայապետի հետ միասին։
Ճանչցուած նաեւ որպէս Միլանոյի Սուրբ Ամբրոզիոսը` Սուրբ Գարլօ Պորրոմէոյի հետ միասին ան Միլանոյի Պաշտպան Սուրբն է ։ Արդարեւ մինչեւ իր մահը Ամբրոզիոս եղած է Իտալիօ Միլանօ Քաղաքի Եպիսկոպոսը։ Քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի իրեն նուիրուած Տաճար մը ուր կը պահպանուին Սուրբին աճիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.