2011-12-07 14:10:54

Եւրոպական Երկիրներու մէջ Հաւատարմագրուած Հայաստանի Դեսպաններու Խորհրդակցութիւն ։


Դեկտեմբեր 3-ին Փարիզի մէջ, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանի նախաձեռնութեամբ, գումարուեցաւԵւրոպական երկիրներու մէջ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ դեսպաններու եւ մշտական ներկայացուցիչներու աւանդական խորհրդակցութիւնը

Նախարար Նալբանդեան Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքական բնագաւառէն ներս տեղի ունեցած վերջին զարգացումները եւ սպասուող իրադարձութիւնները: Յանձնարարականներ տրուեցան երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման եւ եւրոպական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան խորացման հարցերու մասին:
Քննարկուեցան նաեւ հիւպատոսական ծառայութիւններու մակարդակի, օտար երկիրներու մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիներու պաշտպանութեան հարցեր:
Հայաստանի դեսպանները եւ մշտական ներկայացուցիչները իրենց կարգին ներկայացուցին Եւրոպայի երկիրներէն ներս ընթացող գործընթացները եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները: Քննարկումներուն մէջ տեղ գտան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.