2011-12-07 14:09:32

Աշխարհի Ամենամեծ Ծննդեան Լուսաւոր Տօնածառը։


Չորեքշաբթի 7 դեկտեմբերին , յետ միջօրէին, Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակէն` հեռահար ելեկտրոնային գործիքի միջոցաւ պիտի վառէ Իտալիոյ Կուպիօ Քաղաքի Ինճինօ Լեռան լանջը գտնուող մեծ Եղեւին, որ է աշխարհի ամենամեծ Ծննդեան լուսաւոր Տօնածառը։
Վատիկանի CTV Հեռուստակայանի միջոցաւ Սրբազան Հայրը ժամը 18.30 պիտի կապուի Կուպիոյի Նործայարանին ։ Մինչ Եղեւինի լուսաւորութիւնը տեղի կ՛ունենայ 17.30ին ։
Նշենք որ այս ձեռնարկը սկիզբ առած է 1981ին երբ խումբ մը քաղաքացիներ կազմեցին <<Աշխարհի ամենամեծ Ծննդեան Ծառի>> Յանձնախումբը ։ Արդարեւ Եղեւինի բարձրութիւնը կը հասնի 750 մեթրի, իսկ անոր լայնութիւնը 450 մեթր է ։ Եղեւին ունի 300 գունաւոր լոյսեր եւ այլ 400 ելեկտրական լապտերներ ։ Նորընծայարանի բակէն Սրբազան Հօր Ողջոյնի խօսք պիտի ուղղեն՝ Կուպիոյի Արքեպիսկոպոսը Գերապայծառ Մարիօ Չէքքոպելլին,Կուպիոյի Քաղաքապետ Տիէկօ Կուէրինի-ն եւ վերոյիշեալ Յանձնախումբի նախագահը Բավիլիօ Ռամաչչին։








All the contents on this site are copyrighted ©.