2011-12-06 13:02:38

Հրանդ Նազարեանցի Ոգեկոչումը՝ Իտալիոյ Պարի քաղաքի Մէջ։


Երկուշաբթի 5 Դեկտեմբերին Իտալիոյ Պարի քաղաքի Գոնվէրսանօ նահանգը ի յիշատակ ժամանակակից գրականութեան յայտնի դէմքերէն հայազգի բանաստեղծ, ու հասարակական գործիչ Հրանդ Նազարեանցին կազմակերպած էր դասախօսական հանդիպում մը ու լուսանկարչական ցուցահանդէս ՜՜Հրանդ Նազարեանցի դէմքը ու դրոշմը՝՝ բնանիւթով, որուն ընթացքին հայազգի այս մեծ անձնաւորութեան կեանքին ու գործին անդրադարձան քաղաքական դէմքեր ու մտաւորականներ ինչպէս նաեւ բարեկամներ։ Յիշատակի այս հանդիպումը նախաձեռնած էր Պարի քաղաքի ՝ Հրանդ Նազարեանցի անուան Ուսումնասիրական կեդրոնը եւ Գոնվէրսանօ-ի Պատմութեան ու Արուեստի Հետազօտական Կեդրոնը , մասնակցութեամբը՝ Բուլիա մարզի, Պարի քաղաքի ու Գոնվէրսանօ նահանգին, ինչպէս նաեւ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդին։

Դասախօսական այս երեկոյթին, ներկաները ողջունեցին Միջերկրականի հարցերու Պատասխանատու՝ Փրոֆ. տիկ Սիլվիա Կոտելլի, Պարի Նահանգին փոխ նախագահը Տոքթ Թրիֆոնէ Ալթիէրի , Գոնվերսանոյի քաղաքապետը՝ Տիար Ճուզէբբէ Լօվաշօ, եւ՝ Գոնվերսանոյի Մշակոյթի Պատասխանատու՝ Տոքթ Բասքուալէ Սիպիլիա։
Ապա փրօֆ. Գոզմա Քաֆուէրի(Նախագահը Պարիի Նազարեանցի նուիրուած Ուսումնասիրական կեդրոնին) յայտնելէ ետք հանդիպումին նպատակը վեր առաւ մեծարեալին յիշատակը, ապա հրաւիրեց դասախօսները իրենց միջամտութիւնները կատարելու։ Նազարեանցի կենսագրականը ներկայացուց փրօֆ Գարլօ Գօբբօլա,
ապա Փաստաբան Ճուլիօ Ճիկանդէ խօսեցաւ ՜՜ Յիշելով Հրանդ Նազարեանց բարեկամը՝՝ նիւթին մասին, ու փրօֆ. Բաուլօ Լօբանէ ՜՜Սիրոյ նամակ մը՝՝ նիւթին մասին։
Իսկ փրօֆ. Տիէկօ Եուտիչէն խօսեցաւ Գոնվերսանօ գտնուող Նազարեանցի Արխիւներուն մասին։ Հուսկ՝ Հայ Դատին անդրադարձաւ փրօֆ, Իզապէլ Օզդաշեան Պէրնարտինի Տ՝Արնէզանո-ն։
Այս հանդիպումին խօսք առաւ նաեւ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդին փոխ նախագահը Տիար Ռոպէր Աթթարեան։ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց նախաձեռնողներուն որոնք մեծ բծախնդրութեամբ պատրաստած էին Իտալահայ բանաստեղծին յիշատակութեան արժանի նախաձեռնութիւն մը , քանի որ Նազարեանց ըստ իր ժամանակակից մտաւորականներուն կը պատկանի թէ հայ գրականութեան եւ թէ իտալականին։ Ան իր կեանքին մեծ մասը ապրած է Իտալիոյ մէջ։ Տիար Աթթարեան ըսաւ որ ՜՜Եթէ այսօր Հրանդ Նազարեանց հոս ըլլար, արդեօք ի՞նչ պիտի ըսէր իր երկրորդ հայրենիքին ու հայրենակիցներուն. քանի որ իր մէջ մարմնացած էին երկու մշակոյթներ եւ երկու ինքնութիւն ՜՜Հայկականը եւ Իտալականը...՝՝ կրնանք Նազարեանցը համարել խորհրդանիշը այսօրուայ մեր միութեան ու բարեկամութեան, (ըսաւ Աթթարեան) չմոռնանք որ Իտալիան, յատկապէս Բուլիա Մարզը եղաւ միշտ հիւրընկալ երկիր, մանաւանդ մեզի հայերուս համար։ Արդ եթէ Նազարեանց հոս ըլլար, ըստ իս՝ յուզուած միայն մէկ խօսք պիտի կարենար հայերէնով ըսել ՜՜ՍՐՏԱՆՑ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ՝՝։
Հրանդ Նազարեանց ծնած է 1886-ին՝ Սկիւտարի մէջ(ՊՈԼԻՍ) . հայրը անդամ էր Ազգային Ժողովին եւ Երեսփոխան Գում-Գափուի Հայոց» իսկ մեծ Հայրը՝ հայ դասական լեզուի ջատագով էր։ Ան հիմնած է Օրիորդաց առաջին վարժարանը:
Իսկ ՝ Հրանդ իր ուսումը ստացած է Ռեթէոս Պերպերեանի վարժարանը։ Կրթութիւնը շարունակելու նպատակով 1900-ին՝ կը մեկնի Փարիզ եւ ապա՝ Լոնտոն:
1913ի՝ 10 փետրուարին, Հրանդ Նազարեանց Պոլսոյ Ղալաթիոյ Ս. Գր.Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյն մէջ կ՝ամուսնանայ իտալացի պարուհի Մատլէն Գոսմիսի հետ, որ կ՝ապրէր Պոլիս։
Ամուսնութիւնը չի փրկեր Նազարեանցը հոգեկան ծանր, ճգնաժամային վիճակէն այսպէսով կը հեռանայ Պոլիսէն ու կը հաստատուի Իտալիոյ Պարի քաղաքը։ ՜՜Իտալիայի մեղմ կլիման կազդուրեց սպառած մարմինս. նոր մարդ եղայ՝՝ (գրած էր ան)։»:
Իտալիոյ մէջ Նազարեանց ստեղծագործական աշխատանքի հետ միասին ծաւալած է նաեւ հայանպաստ ու ազգասիրական գործունէութիւն: Եղած է հայ գաղթականներու վարիչ առաջնորդը, միաժամանակ գրական-մշակութային կեանքի դերակատար , իր շուրջը հաւաքելով եւ համախմբելով Իտալացի, ֆրանսացի, Գերմանացի, Շուէտացի, Անգլիացի ու Ամերիկացի գրողներ ու գրական գործիչներ։
Հայազգի մեծ մտաւորականը իր մահկանացուն կը կնքէ Պարի քաղաքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, 1962-ի՝ Յունուար 25-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.