2011-12-06 13:00:13

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։
Այս մանուկին ճակատագիրը ո՞րն է։


՝՝Ի՞նչ պիտի պատահի այս մանուկին՝՝։ Հարցումը որ Աւետարանին մէջ կ՛ուղղուի Յովհաննէս Մկրտիչի ծննդեան առթիւ։ Նոյն հարցումը կ՛ուղղէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ամէն անգամ որ ականատես կ՛ըլլանք մանուկի մը ծննդեան եւ անոր աշխարհ գալուն։ Հարցում մը որուն ներքեւ կայ յոյսի եւ մտահոգութեան զգացումներ։
Նոյն հարցումը ուղղեցինք երկու շաբաթ առաջ` Սրբազան Քահանայապետին` ( Պենին կատարած Ճմաբորդութեան ընթացքին ) երախաներու հետ յուզումնալից հանդիպումին առիթով, ուր ծերունի Քահանայապետը մանուկներով շրջապատուած, բռնեց անոնց ձեռքը շուրջպարի քայլեր կատարելով անոնց հետ միասին ։
Ափրիկէի Յորդորագիրը որ Սրբազան Քահանայապետը յանձնեց Ափրիկէի Եկեղեցիին կը ներփակէ տպաւորիչ հատուած մը ուր նշաուծ են <<մանուկներու դէմ կատարուած անհանդուրժելի վերաբերմունքները>>։ Մանուկներ որոնք կը սպաննուին տակաւին իրենց մօր արգանդին մէջ, մերժուած մանուկներ, որբեր, փողոցները ապրող երախաները , լքուած երախաները , զինուոր մանուկներ, բռնի կերպով աշխատանքի ենթարկուած երախաներ, հարստահարուած մանուկներ իրենց ֆիզիքական կամ մտային տկարութիւններու համար, սեռային վաճառքի ենթարկուած ստրուկ մանուկներ, եւ բոլոր անոնք որոնք առանց ապագայի մը հեռանկարով կ՛ապրին։
Եկեղեցին յանձնառու է այս բոլորին համար։
Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող 125.000 Առողջապահական եւ Բարեգործական Եկեղեցական հաստատութիւններու վրայ 20.000ը նուիրուած են յատկապէս մանուկներուն, առանց նկատի առնելու այն բազմաթիւ այլ դպրոցները, ու նաեւ փողոցներու մէջ ապրող երեխաներով զբաղող զանազան կեդրոնները։
Սուրբ Ծննդեան նախօրեակին` որ է Մանուկ Տիրոջ Գալստեան նախապատրաստական ժամանակաշրջանը, հարկ է որ բոլորս խորհրդածենք այս նիւթին շուրջ ու միասնաբար անկեղծ յանձնառումով պայաքարինք մանուկներու պաշտպանութեան համար ու անոնց ապահովութեան ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.