2011-12-06 13:02:22

CNEWA Կաթողիկէ Բարեգործական Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղարը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան


Լիբանան - Երկուշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 11-ին, «CNEWA» Մերձաւոր Արեւելքի օժանդակութեան համար կաթողիկէ բարեգործական կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար՝ գերապայծառ Ճոն Քոզար, ընկերակցութեամբ հայր Կուիտօ Կոքէլի եւ տիար Իսամ Պշարայի, այցելեց Ամենապատիւ Տէր Ներսես Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոսին ։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան հոգեւոր հայրեր, հայ կաթողիկէ կրթական ու ընկերաբժշկական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։
Գերապայծառ Քոզար ներկայացուց «CNEWA» կազմակերպութեան ընդհանուր գործունէութիւնն ու բարեսիրական ծրագիրները, որոնք կ՛օժանդակեն քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ապահովելով անոնց կենսական կարիքները։ Ան նշեց որ կազմակերպութիւնը, նիւթական ու բարեսիրական օժանդակութիւններուն կողքին, կը քաջալերէ քրիստոնեայ հասարակութիւնները գործելու ի սպաս խաղաղութեան, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր մեծ թիւով մարդիկ կը կորսնցնեն իրենց մշակոյթն ու ինքնութիւնը հալածանքներուն ու կեանքի դժուար պայմաններուն պատճառաւ։ Գերապայծառ Քոզար անդրադարձաւ նաեւ կազմակերպութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ներկայ տնտեսական տագնապալի պայմաններուն ի տես ։
Ամենապատիւ Տէր Ներսես Պետրոս ԺԹ Պատրիարք Հայրը իր կարգին` հիւր հոգեւորականներուն ներկայացուց` Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաստատութիւնները, որոնք հովուական, կրթական եւ բարեսիրական բնոյթ ունին։ Ան պարզեց դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները, որ այս հաստատութիւնները կը դիմագրաւեն Լիբանանի մէջ 1975-էն ի վեր, երկրի քաղաքական անկայուն եւ դժուար պայմաններուն պատճառաւ։
Նշենք, որ «CNEWA» կաթողիկէ կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1926-ին Պիոս ԺԱ.Քահանայապետի հրամանագրով։ Ան կը գործէ մարդկային եւ հովուական օժանդակութեան համար Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր շրջաններուն մէջ (Միջին Արեւելք, հիւսիս-արեւելեան Ափրիկէ, Հնդկաստան եւ արեւելեան Եւրոպայ), նպաստելով յատկապէս քրիստոնեայ կարիքաւոր հասարակութիւններուն եւ բարեգործական ծրագիրներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.