2011-12-05 13:37:13

Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութիւնը Կարեւոր Է Ըսած Է Կարտինալ Թոռան։


Հռոմի մէջ, 2 դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը, քննարկելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակը։ Կարտինալ Թոռան` նախագահը միջեկեղեցական քահանայապետական խորհուրդին, խօսք առնելով ըսաւ թէ ՜՜Քրիստոնեաներու հեռացումը Միջին Արեւելքէն աղէտ մը պիտի ըլլայ, մասնաւորապէս Ս. Երկրին համար, եւ որպէսզի այդ տեղի չունենայ, հարկաւոր է անոնց (քրիստոնեաներուն) օգնութեան հասնիլ, որպէսզի անոնք չգաղթեն, ընդգծելով որ Աստուած հոն դրաւ զանոնք (որպէս տունկ) եւ անոնք պէտք է այդտեղ ծաղկին։ Ամէնքս կանչուած ենք անոնց օգնութեան հասնելու, զանոնք այցելելու եւ աշխատելու արդարութեան ու խաղաղութեան հաստատումին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.