2011-12-05 14:28:43

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Հոգեւոր Պետերուն Հանդիպումը Ճակատամերձ Գօտիին Վրայ։


Կովկասի մահմետականներու վարչութեան ղեկավարի տեղակալ Սապիր Հասանլը Պաքուի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ մօտիկ ապագային կը նախատեսուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հոգեւոր պետերուն հանդիպումը ճակատամերձ գօտիին վրայ: Ան ճշգրիտ ժամկէտ չնշեց սոյն հանդիպումին համար:
Սապիր Հասանլը յայտնեց, որ այսպիսի համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Երեւանի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի` Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.