2011-12-05 17:18:52

Լիբանանի Մէջ Տեղի Կ'ունենայ Շրջանային Գիտաժողով Գաղթականութեան Մասին։


Պէյրութի մէջ 5-7 դեկտեմբեր տեղի կ'ունենայ շրջանային գիտաժողով մը գաղթականութեան մասին, նախաձեռնութեամբ՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին։ Ներկայիս աշխարհին մէջ կան շուրջ 214 միլիոն գաղթականներ, որոնք թէ բնակարան թէ ապրուստ կը փնտռեն։ Քաղաքական , տնտեսական ու եկեղեցական այս երեւոյթին համար, ժողովականները կը յուսան պատշաճ պատասխաններ գտնել։ Հաւաքին բնաբանն է. ''ո՞վ է իմ մերձաւորը''։ Յայտնենք որ Պէյրութի համաժողովը երկրորդն է երեք գիտաժողովներուն։ Առաջինը տեղի ունեցաւ անցեալ յուլիսին Պանգոկին մէջ. իսկ երրորդը կը նախատեսուի 2012-ին Աւստրալիայի մէջ։ Այդ երեք հանդիպումներուն արդիւնքները պիտի ներկայացուին գաղթականութեան ու փախստականներու ՄԱԿի գերատեսչութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.