2011-12-05 17:29:50

Գերապատիւ Հայր Անդրանիկ Վրդ. Ադամեան Ստացաւ Ծայրագոյն Վարդապետի Աստիճան-ֆրանսա։


ֆրանսայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդը արհի. Գրիգոր եպ. Ղապրոյեան, Շաբաթ օրը՝ 3 դեկտեմբերին, Սէն Շամոնի Ս. Ներսէս Շնորհալիի անուան եկեղեցւոյ օրհնութիւնը կատարեց որպէսզի սոյն եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւնները կատարուին, քանի որ յառաջիկայ տարւոյն՝ 2012-ի 3 մարտին, Ամեն. եւ Գերերջ. Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը պիտի կատարէ այս եկեղեցւոյ՝ Սէն Շամոնի Ս. Ներսէս Շնորհալիի անուան եկեղեցւոյ պաշտօնական օծումը։

Իսկ Կիրակի օրը՝ 4 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10.30-ին՝ հայածէս ձայնաւոր Ս Պատարագ մատոյց սոյն եկեղեցւոյ մէջ, ժողովրդապետը՝ գեր. Հ. Անդրանիկ վրդ. Ադամեան ։ Արարողութեանց նախագահեց արհի. Գրիգոր եպ. Ղապրոյեան եւ այս առթիւ ծայրագոյն վրդ.ի աստիճանը շնորհեց Հ. Անդրանիկ Ադամեանին տալով անոր լանջախաչն ու գերյարգելիի մատանին, առ ի գնահատանք հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, անոր 38 տարիներու ծառայութեան ըլլայ Միջին Արեւելքի եւ ըլլայ Ամերիկաներու մէջ եւ այժմ ֆրանսայի մէջ։
Արհի. առաջնորդը վեր առաւ գերյարգելիին արժանիքները եւ նուիրումի ու ծառայութեան հոգին հայ եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն համար. իսկ գերյարգելին իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ իրեն պարգեւած կոչումին համար եւ ուրախութիւն որ այժմ Սէն Շամոնի հաւաացեալները կրնան իրենց այս նոր եկեղեցւոյ մէջ մասնակցիլ կիրակնօրեայ պատարագներուն եւ տօնական արարողութիւններուն։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Արհի. առաջնորդին որ իրեն տուաւ Ծ վարդապետի աստիճանը որը միշտ ալ ծառայութիւն է ...
Շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու նաեւ ժողովրդապետութեան խորհուրդի եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին. մաղթելով որ զանազան ձեռնարկներ կատարուին որպէսզի համայնքի զաւակները միշտ կառչած մնան հաւատքին, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու ու հայ ինքնութեան։
Պատարագէն ետք՝ ներկաները շնորհաւորեցին ժողովրդապետը, Արհի առաջնորդը ու ժողովրդապետութեան խորհուրդը որմէ ետք ալ մասնակցեցան սիրոյ սեղանին։
Ռատիովատիկանի Հայերէն Հաղորդումներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ եւ բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ Գերյարգելի Հ Անդրանիկ Ծ Վրդ Ադամեանին եւ Սէն Շամոնի հաւատացեալներուն...








All the contents on this site are copyrighted ©.