2011-12-04 11:46:00

Քրիստոնեայ Ըլլալ. ՜՜Հակառակ Ուղութեամբ՝՝ Ընթանալու՝ Ընտրանք Մըն Է։


Քահանայպետական Տան Քարոզիչը Հայր Ռանիէրօ Գանթալամեսսան յիսնակաց շրջանի աղթիւ իր առաջին խորհրդածութիւնը կատարելով` ներկայութեամբը՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, հաստատած էր որ << այս դարաշրջանի մէջ Քրիտոնեայ ըլլալը սովորութիւն մը չէ, այլ հակառակ ուղղութեամբ ընթանալու ընտրանք մըն է, որ շատ անգամ, մեծ զոհողութիւն կը պահանջէ նոյնիսկ կեանքը զոհելով։
Քահանայապետական Տան Քարոզիչի գնահատումով այսօրուայ աշխարհի մի քանի վայրերու իրավիճակը կը յիշեցնէ մեզի, առաջին դարերու քրիստոնեաները։ Ու այս ուղղութեամբ՝ Նոր աւետարանացումի յաջողութիւնը կախում կ՝ունենայ հաւատքի չափէն, որ կարող ենք ստեղծել եկեղեցւոյ մէջ, սկսելով մեզմէ՝ քարոզիչներէս։
Մենք պէտք է ձերբազատուինք անկարողութեան զգացումներէն։ Հայր Գանթալամեսսան հաստատեց որ աշխարհը համաշխարայնականացման մէջ ներփակուած է եւ հրապուրուած՝ թէքնիք եւ գիտութեան զարգացումներով, ու անոնց յաջողութիւններով որոնք դէմ են աւետարանացումի. Քահանայպետական Տան Քարոզիչը հարց տուաւ. ՜՜արդե՞օք առաջին դարերու քրիստոնեաները նուազ վտանգներու դէմ գտնուած են, ի տես հելլենական իմաստասիրութեան կամ հռովմէական կայսրութեան զօրքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.