2011-12-04 12:54:10

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 4 դեկտեմբեր 2011-ի կէսօրին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատշգամէն Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հոծ բազմութեան ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց Լատին եկեղեցւոյ ծիսական ժամանակացոյցի` Յիսնակաց շրջանի երկրորդ շաբթուայ սուրբ գրային ընթերցումներու մասին, որոնց մէջ ի յայտ կու գայ երկու անձնաւորութիւններու կարեւոր դերը Յիսուսի պատմական Գալստեան պատրաստողական շրջանի ընթացքին, Սուրբ Կոյս Մարիամը եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը։ Եւ ճիշդ այս վերջինին վրայ կը կեդրոնանայ այսօրուայ սուրբ գրային ընթերցումը որ քաղուած է Մարկոսի աւետարանէն, ուր ներկայացուած է Սուրբ Յովհաննէսի նկարագիրը եւ ապրելու կերպը։ Սուրբ Յովհաննէսի ընտրած կեանքի ոճը, պէտք է հրաւիրէ քրիստոնեաները ընտրելու լրջախոհ կենցաղ մը յատկապէս Սուրբ Ծննդեան նախապատրաստողական այս շրջանի ընթացքին, ուր Տէրը - ինչպէս կը գրէ Սուրբ Պօղոս <<մեզի համար դարձաւ աղքատ որպէսզի իր աղքատութեան միջոցաւ մեզ հարստացնէ>>։
Սուրբ Յովհաննէսի առաքելութիւնը - կայացած է ապաշխարհութիւն քարոզելու մէջ, նոր մտածելակերպի եւ ապրելակերպի համար կոչ մը՝ առ ի պատրաստութիւն Մեսիայի Գալստեան որ <<պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով>>։

Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով խորհրդածութիւնը յորդորեց << մինչ կը պատրաստուինք Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին կարեւոր է որ ամփոփուինք մեր ներքին կեանքի մէջ եւ անկեղծ մտածականով ստուգենք մեր կեանքի ընթացքը` լուսաւորուելով Բեթղեհէմէն ճառագայթող լոյսէն, անոր որ <<ամենամեծն է>> եւ եղաւ փոքր, <<ամենահզօրն է>> եւ եղաւ տկար։

Չորս աւետարանիչներն ալ կը մէջբերեն Եսայի մարգարէի խօսքը <<Ձայնը անոր կ՛աղաղակէ անապատի մէջ. պատրաստեցէք Տիրոջ ճանապարհը, հարթեցէք անոր ճամբաները>> ասիկա հրաւէր մըն է - ըսաւ Սրբազան Հայրը - բանալու Անոր մեր դռները ու պատրաստելու ճանապարհը։ Տիրամօր բարեխօսութեան յանձնենք մեր ուղեւորութիւնը դէպի Տէրը պատրաստելով մեր սրտերը Էմմանուէլի գալստեան։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները նշելով որ յառաջիկայ օրերուն Ժընեվի մէջ եւ այլուր պիտի տօնախմբուին Գաղթականութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան 50-ամեակը` փախստականներու կարագավիճակի պայմանագրութեան 60-ամեակը եւ քաղաքացիութիւն չունեցողներու թիւի նուազեցումի պայմանագրութեան 50- ամեակը։ Տիրոջ հովանիին կը յանձնեմ բոլոր անոնք որ յաճախ բռնի կերպով ստիպուած են հեռանալ իրենց երկիրներէն ու կը կորսնցնեն կամ չունին քաղաքացիի կարգավիճակ եւ կը քաջալերեմ անոնց հանդէպ զօրակցութեան զգացումները ու կ՛աղօթեմ բոլոր անոնց համար որոնք ամէն ջանք կը թափեն պաշտպանելու եւ աջակցելու իրենց այս դժուար կացութեան մէջ ապրող եղբայրակիցներուն իրենց կարգին ենթարկուելով վտանգնի եւ դժուարութեան։
Պենետիկտոս ԺԶ ապա բոլորին մաղթեց բարի Կիրակի ու տուաւ իր Առաքելական Օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.