2011-12-04 11:58:35

Հայազգի Գրող ու Հասարակական Գործիչ Հրանդ Նազարեանցի Յիշատակին Նուիրուած Գիտաժողով Եւ Լուսանկարչական Ցուցահանդէս։


Երկուշաբթի 5 Դեկտեմբերին (2011) Իտալիոյ Պարի քաղաքի Գոնվէնցանօ նահանգին մէջ, Երկուշաբթի 5 Դեկտեմբերին նախաձեռնութեամբ՝ տեղի պիտի ունենայ, դասախօսական հանդիպում մը ու լուսանկարչական ցուցահանդէս ՜՜Հրանդ Նազարեանցի դէմքը եւ հետքերը՝՝ բնանիւթով, ի յիշատակ՝ ժամանակակից գրականութեան յայտնի դէմքերէն հայազգի բանաստեղծ, գրող , լրագրող, թարգմանիչ ու հասարակական գործիչ Հրանդ Նազարեանցին։ Գիտաժողովին ընթացքին հայազգի մեծ բանաստեղծին կեանքին ու գործին պիտի անդրադառնան քաղաքական դէմքեր ու մտաւորականներ ինչպէս նաեւ բարեկամներ։
Յիշատակի այս հանդիպումը նախաձեռնուած է Պարիի՝ Հրանդ Նազարեանցի անուան ուսումնասիրական կեդրոնի ու Գոնվէնցանօ նահանգի պատմութեան ու արուեստի հետազօտական կեդրոնի կողմէ, մասնակցութեամբը՝ Բուլիա մարզի, Պարի քաղաքի ու Գոնվէնցանօ նահանգին, ինչպէս նաեւ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդին։









All the contents on this site are copyrighted ©.