2011-12-03 11:55:58

Վատիկանի Հրշէջներու Մարմնի Հիմնարկութեան 70-ամեակը։


Վատիկանի հրշէջներու հիմնարկութեան 70 ամեակի առթիւ, յառաջիկայ 15 դեկտեմբերին գոհաբանական պատարագ կը մատուցուի Վատիկանի կառավարական մատրան մէջ, մի քանի օր ետք սրբուհի Պարպարայի տօնին` որ հրշէջներու պաշտպան սուրբն է ։ Վատիկանի կառավարիչը գերապայծառ Պերթելլօ կը գլխաւորէ Ս. Պատարագը։ Յայտնենք որ Վատիկանի հրշէջներու մարմինը հիմնուեցաւ երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ. Քահանայապետի կողմէ 1941ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.