2011-12-03 11:57:29

Կրօնական Պատասխանատուներու Աղօթքը Բնապահպանութեան Համար։


Կրօնական բազմաթիւ պատասխանատուները կոչ ուղղած են իրենց հասարակութեան հաւաքաբար աղօթելու, 4 դեկտեմբերին, բնապաշտպանութեան համար, որպէսզի կլիմայի միազգային ժողովը, որ ներկայիս տեղի կ'ունենայ Հարաւային Ափրիկէի Տիւպրան քաղաքը, յաջողութեամբ պսակուի։ 183 երկիրներ կը մասնակցին ՄԱԿի կողմէ կազմակերպուած կլիմայի ժողովին երկրագունդի բնապահպանումին համար։ Կրօնական բազմաթիւ պատասխանատուներ արդէն իսկ կոչ ուղղած են իրենց կառավարութիւններուն ու բանակցողներուն որպէսզի շուտաբոյթ լուծում գտնեն։ Յայտնենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կիրակի օրուայ Հրեշտակ Տեառն աղօթքին ընթացքին եւս կոչ ըրած է Տիւպրանի ժողովին յաջողութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.