2011-12-03 11:52:08

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարանները Նշեցին Ս. Թադէոս Եւ Ս. Բարթողիմէոս Առաքեալներու Տօնը։


Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարչութեան եւ մասնակցութեամբ թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտութեան, երէկ` ուրբաթ, 2 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն` նուիրուած հայ եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարչութեան անդամ Ժանին Մարգարեան: Ան նկատել տուաւ, որ Աւետարաններուն մէջ այս զոյգ առաքեալներու մասին գրուած շատ քիչ բան կը գտնենք, սակայն այդ համեստ տողերուն մէջ լաւագոյնս կը ճանչնանք զիրենք: Ան հաստատեց, որ մանուկները Կիրակնօրեայ վարժարան յաճախելով հոգեպէս առողջ կ՛ըլլան եւ գիտակից կը դառնան դիմադրելու կեանքի պայքարին:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ կը բովանդակէր շարականներու երագեցողութիւն, «Նարեկ»-ի ընթերցում, մեներգներ, ոսկեղէն համարներու ընթերցում:
Օրուան բանախօսն էր Մասիս վրդ. Զոպուեան: Ան յայտնեց, որ այս տօնը նշելով մենք յարգած կ՛ըլլանք այնպիսի մարդիկ, որոնք տեսան, լսեցին, հետեւեցան եւ հաւատացին Յիսուսին` աւելցնելով, որ անոնք եկան հայ ժողովուրդին քարոզելու Յիսուսի Աւետարանը եւ խաւարի մէջ ապրող հայ ժողովուրդի սրտին, մտքին եւ հոգիին մէջ սերմանելու զայն:
Մասիս վրդ. Զոպուեան նկատել տուաւ, որ կը նշմարենք 2 հիմնական կէտեր զոյգ առաքեալներուն մօտ` ամբողջական վստահութիւն եւ հաւատարմութիւն Քրիստոսի նկատմամբ:
Եզրափակելով իր խօսքը` հայր սուրբը կոչ ուղղեց վստահութեամբ մաս կազմելու եկեղեցւոյ առաքելութեան` մեր կամքը միացնելով Աստուծոյ կամքին եւ ապրելով հաւատարմութեան եւ վստահութեան ճամբուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.