2011-12-02 12:13:16

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Ճառը Աստուածաբանութեան Միջազգային Յանձնախումբի Անդամներուն։


Ձեր այս տարուայ նիստը, - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Աստուածաբանութեան Միջազգային յանձնախումբի անդամներուն - կը զուգադիպի Յիսնակաց ծիսական շրջանին հետ, ասիկա բարեպատեհ առիթ մըն է յիշեցնելու թէ ամէն աստուածաբան կանչուած է ըլլալու ''Յիսնակացի մարդը''` վկան Յիսուսի գալստեան, որ իր մարդեղութեամբ կը լուսաւորէ միտքերը, սպասելով անյայտ ''օրուայ'' Տիրոջ վերագալստեան։ Արթուն ըլլանք եւ հսկենք վառ պահելով յոյսը Տիրոջ վերադարձին։
Ապա Նորին Սրբութիւնը վերակոչեց աստուածաբանական յանձնախումբին շոշափած երեք նիւթերը. Միաստուածութեան ըմբռնումը, Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը եւ Աստուծոյ մասին աստուածաբանական մտածումը։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը քաջալերական խօսք մը ուղղեց քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիներու աստուածաբաններուն, որոնք եկեղեցական զանազան մարզերու մէջ կը գործեն, եւ միաժամանակ Աստուածամօրմէն խնդրեց որ իր հովանիին տակ առնէ զանոնք, որպէսզի ուղիղ ճամբու վրայ ընթանան, միշտ աշխատելով Աստուծոյ փառքին ու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.