2011-12-02 12:19:31

Յիսնակաց Շրջանի Խորհրդածութիւններ Վատիկանի Մէջ։ Գացէք Ողջ Աշխարհով եւ քարոզեցէք Աւետարանը բոլոր արարծներուն (Մարկ. 16,15)


Վատիկանի մէջ այսօր ուրբաթ 2 դեկտեմբերին, ի պատրաստութեան Յիսուսի Գաստեան տօնին` Սուրբ Ծննդեան, սկիզբ առին շաբաթական խորհրդածութիւնները ։
Այս տարուայ խորհրդածութիւնները զոր կը կատարէ, ինչպէս միշտ, Քահանայապետական Տան քարոզիչը` Գաբուսին միաբանութեան անդամ` Հայր Րանիէրօ Գանդալամեսսան, կը կեդրոնանան եկեղեցւոյ աւետարանացման պատմութեան չորս հանգրուաններու վրայ ունենալով որպէս կէտնպատակ նաեւ 2012
Նոր Աւետարանութեան Սիւնհոդոսը։
Առաջին շաբթուայ խորհրդածութեան նիւթն է << Գացէք ողջ աշխարհով եւ արոզեցէք Աւետարանը բոլոր արարծներուն>>։ Իսկ աւետարանացման չորս հագնրուաններն են ա) Երրորդ դարու երկրորդ մասը Հռոմէական կայսրութեան աւետարանացումը։
բ) Վեցերորդ - իններորդ դար` եւրոպայի աւետարանացումը։
գ) 16րդ դար <<նոր աաշխարհի>> աւետարանացումը եւ ի վերջոյ մեր դարաշրջանը եւ արեւմուտքի վերավետարանացումը։
Նշենք որ այս խորհրդածութիւնները կը կատարուին Վատիկանի Redemptoris Mater մատուռին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի եւ քահանայապետական տան ընտանիքի մասնակցութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.