2011-12-01 14:47:33

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Հինգշաբթի 1 դեկտեմբեր 2011։ Այս առաւօտ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 11ին իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու կարգ մը եպիսկոպոսներ որոնք Հռոմ ժամանած են կատարելու իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։
Ժամը 12ին Գլեմենթինա սրահին մէջ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Ընտանիքի Քահանայապետկան Խորհուրդի Լիանիստ Ժողովին Մասնակզողներուն ու անոնց ուղղեց ճառ մը՝ որուն մէջ մատնանշեց Ընտանիքի Կարեւորութեան ակնարկելով նաեւ այս ժողովի առթիւ՝ զոյգ յոբելեաններուն. Familiaris Consortio, առաքեալական յորդորագիրի հրատարակումը եւ Ընտանիքի Քահանայապետկան Խորհուրդի հաստատումին 30 ամեակը։
Սրբազան Քահանայապետը ապա նշեց որ նոր աւետարանութիւնը կախեալ է <<ընտանեկան>> եկեղեցիէն։ Մեր ժամանակաշրջանի մէջ ականատես ենք Աստուծոյ խաւարումին, ընտանիքի դէմ գաղափարականներու տարածման ու սեռային հարցի անկումին որոնք իրարու կապուած են ։ Այսպէս ալ, նոր աւետարանցումը սերտօրէն կապուած է քրիտոնեայ ընտանիքին։
Ընտանիքը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - եկեղեցւոյ ճանապարհն է ու Քրիստոսի հետ հանդիպելու մարդկային վայրն է։ Ամուսնացեալ զոյգերը կ՛ընդունին ոչ միայն Քրիստոսի սէրը դառնալով փրկուած հասարակութիւն մը, այլ եւ կանչուած են իրենց եղբայրակիցներուն փոխանցելու Քրիստոսի նոյն սէրը ու դառնալով փրկող հասարակութիւն։ Իմ նախորդներուս նման, ես ալ յաճախ յորդորեցի Ամուսնացեալ զոյգերը աւետարանելու՝ ըլլայ կեանքի վկայութեամբ, ըլլայ հովուական կեանքին տալով իրենց օժանդակութիւնը։
Խօսքը եզրափակելէ առաջ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց նաեւ 2012ին Միլանոյի մէջ գումարուելիք Ընտանիքի 7-րդ Համաշխարհային Հանդիպումին <<որուն - ըսաւ Ան - մեծ ուրախութեամբ պիտի մասնակցիմ>>։ Հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Միլանոյի Ամբրոզիան եկեղեցւոյ ու ներկաները քաջալերեց շարունակելու իրենց գոծունէութիւնը ի սպաս ընտանիքին ու աւետարանին ապա բոլորին տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.