2011-12-01 14:48:16

Կ.Պոլսոյ Պատրիարքին Ուղղած Պատգամին Մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Միութեան Կը Հրաւիրէ Կաթողիկէ Եւ Օրթոտոքս Հաւատացեալները։


Կ.Պոլսոյ պատրիարք Բարդողոմիոս Ա.ին ուղղած պատգամին մէջ, զոր կ՝ուղղէ ամէն տարի, Նորին Սրբութիւնը միութեան կը հրաւիրէ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս հաւատացեալները, հակառակ մարդկային լարուածութիւններուն, որպէսզի -կ՝ըսէ ան- կարողանանք միասնաբար պայքարիլ աշխարհականացումի մարտահրաւէրին դէմ։ Մենք կանչուած ենք ցոյց տալու մարդկութեան որ ՜՜մենք հաւատքի մէջ հասունցած ենք, եւ կարող ենք միանալ հակառակ մարդկային լարուածութիւններու՝՝ կը կարդանք պատգամին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը համոզուած է որ Աւետարանութեան ապագան կախում ունի Եկեղեցւոյ տուած միութեան վկայութենէն ու սիրոյ ու եղբայրօգնութեան որակէն։ Յայտնենք որ այս տարի Ս. Անդրէաս առաքեալի յիշատակութիւնը յատուկ տօնախմբութեամբ կատարուեցաւ, քանի որ միաժամանակ վերակոչուեցաւ Բարդողոմիոս Ա.ի Կ.Պոլսոյ պատրիարք ընտրութեան 20-րդ տարեդարձը։








All the contents on this site are copyrighted ©.