2011-12-01 14:50:37

Գաղթականներու եւ Փախստականներու Քահանայապետական Խորհուրդի Միջազգային Հովուական համաժողովը։


30 նոյեմբերի առաւօտեան` Հռոմի մէջ` Գաղթականներու եւ փախստականներու Քահանայապետական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ սկիզբ առաւ Միջազգային Հովուական համաժողովը՝ աշակերտութեանց համար, որ պիտի ուսումնասիրէ <<միջազգային աշակերտներ եւ մշակոյթներու հանդիպում>> նիւթը։ Համաժողովը վերջ կը գտնէ դեկտեմբեր 3ին ։ Նիստերու ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան ի մէջ այլոց` Գերապայծառ Անթոնիօ Մարիա Վէլիօ արքեպիսկոպոսը՝ նախագահը Գաղթականներու եւ փախստականներու Քահանայապետական Խորհուրդին, սոյն խորհուրդի քարտուղարը՝ գերապայծառ Գալաթիբարամպիլ, եւ Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի կառավարիչը՝ կարտինալ Զէնոն Կրոգոլէվսքի։
Հինգշաբթի մէկ Դեկտեմբերին, կարտինալ ճանֆրանքօ Ռավազի՝ նախագահը քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդին դասախօսութիւն մը պիտի տայ <<մշակոյթ եւ աւետարան>> նիւթին մասին։
Իսկ ուրբաթ օրուայ նիւթը պիտի ըլլայ <<մշակոյթ եւ դաստիարակութիւն>> որուն մասին կը դասախօսէ Ժողովուրդներու Աւետարանացումի Ժողովի քարտուղարը՝ գերապայծառ Սավիօ Հոն Դայ ֆայ, իսկ վերջին օրը 3 դեկտեմբերին, ելոյթ կ՛ունենայ Հայիթիէն քոյր Մարթա Սէյտէ << երիտասարդական ղեկավարութեան տիպարը համաշխարհայնականացած աշխարհի մը մէջ>> նիւթին մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.