2011-12-01 14:46:24

Արհիապատիւ Տէր Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսանի հարցազրոյցը «The Egyptian Gazette» Լրուատուամիջոցին Հետ-Գահիրէ։


Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան, 29 նոյեմբերին, հարցազրոյց մը ունեցաւ եգիպտական «The Egyptian Gazette» ելեկտրոնային լրատուամիջոցին հետ։
Գերապայծառ տէրը կոչ կ՝ուղղէ եգիպտացիներուն որ ձերբազատին մտավախութիւններէն, հաստատելով որ երկիրը պատրաստ է յաղթահարել բոլոր խնդիրները եւ հասնիլ բարգաւաճման ու խաղաղութեան հանգրուան։ Ան կը յայտնէ, որ ներկան վախի եւ շահարկումներու ժամանակը չէ, այլ գործելու եւ աղօթելու է։ Այս ուղղութեամբ, Աղեքսանդրիոյ առաջնորդը Ս. Պատարագ մատոյց Հելիոբոլիսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, ի սպաս ՜՜խաղաղութեան՝՝ Եգիպտոսի մէջ։
Հարցազրոյցին մէջ, գերապայծառ Գուսան խօսք կ՛ուղղէ Եգիպտոսի բոլոր ժողովուրդին, ըսելով թէ. «մենք բոլորս կ՛ապրինք միասին, մէկ սրտով ու մէկ հաւատքով, պաշտելով մէկ Աստուած»։ «Արտերկրի մարդիկ պէտք է իմանան, որ արեւելեան ժողովուրդները ունին եզակի բնոյթ մը, որուն պատճառաւ կրնան միասին ապրիլ համերաշխութեամբ եւ եղբայրասիրութեամբ, ինչքան ալ ըլլան տարբերութիւնները անոնց միջեւ։ Ասիկա այլ պատճառ մըն ալ է, աւելցուց գերապայծառը, որպէսզի ես լաւատես ըլլամ։ Այստեղ մենք բոլորս կ՛ապրինք մէկ երկրի մէջ, գործելով նոյն ուղղիով եւ պաշտելով մէկ Աստուած։ Երբեմն անյայտ ձեռքեր կը փորձեն բաժնել նոյն երկրի զաւակները, սակայն այս բոլոր ձեռքերը շուտով պիտի բացայայտուին եւ պատիժը պիտի գտնեն իրենց չարագործութիւններուն համար։
Այսօր, ՜՜իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնաւորները (շէյխերն ու քահանաները) պէտք է ձեռք ձեռքի տան եւ ըսեն մարդոց, յատկապէս համեստ դասակարգին, թէ որքան սերտ են յարաբերութիւնները, յայտնելով որ ինք՝ Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդ' Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան, Եգիպտոսի մէջ իր առաքելութեան առաջին օրէն իսկ, սերտ կապեր հաստատած է բոլոր կրօնապետներուն հետ՝՝։
Գերապայծառ Գուսան ցաւով յայտնեց, որ որոշ լարուածութիւն կայ սուրբ Աթոռին եւ Ալ Ազհարին միջեւ, նշելով որ աշխատանք կը տանի մեղմացնելու այս լարուածութիւնը, մեկնելով իր բարեկամութիւններէն Ազհարի զանազան կրօնաւորներուն հետ։ Ան, այս ուղղութեամբ, մտադիր է կազմակերպել զանազան ձեռնարկներ եւ սեմինարներ ցոյց տալու համար թէ բոլոր աստուածային գիրքերը կոչ կ՛ուղղեն մարդոց միասին ապրելու, յարգելով իւրաքանչիւրին հաւատքն ու ապրելակերպը։
Առաջնորդ հայրը հարցազրոյցին ընդմէջէն կոչ կ՛ուղղէ երկխօսութեան տարբեր մարդոց միջեւ, հինուելով աստուածային գիրքերուն վրայ որ նոյն պատգամը կ՛ուղղեն՝ ապրելու խաղաղութեամբ եւ յարգելու իւրաքանչիւրին հաւատքը։
Հարցազրոյցին աւարտին, ան հաստատեց, թէ այն հայերը որոնք Եգիպտոս տեղափոխուեցան 20-րդ դարու սկիզբը, օրինակ դարձան խաղաղ ապրելու եւ զիրար ընդունելու աշխարհի այս հողամասին մէջ։ «Թափանցիկութեամբ եւ արդարութեամբ կարելի է գերազանցել դժուարութիւնները, որոնցմէ այժմ կը տառապինք։ Այս երկու սկզբունքներուն բացակայութիւնը հիմնական պատճառն է երիտասարդ սերունդին բողոքելու եւ պահանջելու պետական կարգին փոփոխութիւնը։ Հիմա ժամանակն է խուսափելու անցեալի սխալներէն» եզրափակեց գերապայծառ տէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.