2011-11-30 12:17:04

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 30 նոյեմբեր 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Ս. Պետրոսի հրապարակը։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը աղօթքի մասին, այսօր Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Յիսուսի աղօթքի մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Մեր նախորդ ունկնդրութիւններուն ընթացքին խօսեցանք Հին Կտակարանէն աղօթքի մի քանի օրինակներու մասին, այսօր կ'ուզենք մեր խորհրդածութիւնը կեդրոնացնել Յիսուսի Աղօթքի վրայ։Աւետարանները մեզի ցոյց կու տան որ Յիսուս իր բոլոր կեանքը անցուց Հօր Աստուծոյ հետ մշտատեւ մտերմութեան մէջ։ Աղօթքի միջոցաւ Յիսուս անընդհատ կապի մէջ էր Հօր Աստուծոյ հետ, որպէսզի կարողանար իրականացնել իր սիրոյ ծրագիրը մարդկութեան համար։ Պէտք չէ մոռնանք, դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը, որ Յիսուս մեծցաւ հրէական ժողովուրդի կրօնական մեծ աւանդութեամբ կապուած ընտանիքի մէջ։
Երբ Մարիամ եւ Յովսէփ Երուսաղէմ վերադարձան 12-ամեայ Յիսուսը փնտռելու, զինք կը գտնեն տաճարին մէջ, հրեայ վարդապետներու միջեւ, ան իր ծնողքին կը յայտնէ իր աստուածային որդիութիւնը։
Յովհաննէս Մկրտիչէն մկրտուելէ ետք Յորդանան գետը, Յիսուս աղօթքի մէջ էր, կը կարդանք Ղուկասի Աւետարանին մէջ։ Յիսուսի այս կեցուացքը իւրայատուկ դրոշմ մը կու տայ Անոր։ Այդ մկրտութեամբ Յիսուս կը յայտնէ իր զօրակցութիւնը իր ժողովուրդին հետ ու կը հրաւիրէ զայն ապրիլ նոր եղանակով, Աստուծոյ կամքին համաձայն։ Մկրտութեամբ Յիսուս, ծածուկ կեանքէն, կ'անցնի հանրային կեանքին, միացած մնալով Հօր Աստուծոյ հետ։ Իր առանձնական կեանքը անապատին մէջ, նոյնպէս եւ գիշերները, կարելիութիւն կու տան Անոր աղօթքի մէջ մնալու՝ Հօրը հետ եւ հաւատարմօրէն կատարելու աստուածային կեանքը։
՜՜Եւ մենք ի՞նչպէս կ'աղօթենք՝՝ հարց տուաւ Սրբազան Քահանայապետը նախքան իր խորհրդածութիւնը եզրափակելը եւ աւելցուց.՜՜ արդեօք մեր ժամանակը կը տրամադրե՞նք աղօթքի։Աղօթքը արուեստ մըն է, հնարք մըն է որ կը սորվինք զայն կիրարկելով ։ Զայն կատարենք հաւատարմութեամբ ու վստահութեամբ, ինչպէս Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները բոլորին երաշխաւորելով իր աղօթքը, որպէսզի (ըսաւ ան) զօրացած աստուածային շնորհքով կարողանաք Աւետարանը քարոզել ձեր շրջապատէն ներս ըլլայ խօսքով եւ ըլլայ բարի օրինակով։
Սիրելիներ, մեր գոյութիւնը` յաճախ դրոշմուած անապահովութիւններով, փրկութեան ու ազատագրումի պատմութիւնն է։ Աղօթքս է որ Յիսուսի հետ ընթանաք դէպի Հօր տունը՝ մեր ճշմարիտ հայրենիքը, ու Աստուածամօր հետ միասին երգենք Աստուծոյ սքանչելագործութիւնները մեր կեանքին մէջ։ Սրտանց ամէնքդ կ'օրհնեմ ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով. սիրելիներ, Յիսնակաց այս շրջանին Քրիստոսի լոյսը թող միշտ լուսաւորէ ձեր կեանքը ու զայն բարիքներով պտղաբեր դարձնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.