2011-11-30 13:12:34

Թեհրանի Մէջ Ցուցարարները Կը Ներխուժեն Բրիտանական Դեսպանատուն ։


Իրանի մէջ հակա բրիտանական ցոյց կատարող ուսանողներ եւ Պասիժ կոչուած Իրանի Յեղափոխական կամաւորներու Մարմնի պատկանողներ Թեհրանի մօտ Բրիտանիոյ դեսպանատունը ներխուժեցին Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29ին, բողոքելով Իրանի դէմ պարտադրուած բրիտանական նորագոյն պատժամիջոցներուն դէմ ։ Ցուցարարները վար առած են Բրիտանիոյ դրօշը ,այրած են զայն, եւ անոր տեղ բարձրացուցած են Իրանի դրօշակը։ Անոնք նաեւ դեսպանատան պատէն կախուած Բրիտանիոյ թագուհի Եղիսաբեթ Բ.ի լուսանկարը վերցուցած են։
Ոստիկանութիւնը կրցած է հեռացնել ցուցարարները,բաւական ուշ հասնելով խռովութեանց վայրը։ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը Պան Քի Մուն,ապա Ռուսիան ու նաեւ Ամերիկան խստօրէն քննադատեցին պատահածը։ Այս առաւօտ Անգլիա որոշեց հեռացնել իր դիանագիտական անձնակազմը Դեսպանատունէն։ Նոյնպէս այսօր Նորվեկիա-ն փակեց Թեհրանի իր Դեսպանատունը։








All the contents on this site are copyrighted ©.