2011-11-30 13:27:46

Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը ''Եկեղեցւոյ Օրէնսդիրը''։


Լուկանոյի աստուածաբանութեան համալսարանը 22 եւ 23 մարտ 2012ին միջազգային գիտաժողով մը կը կազմակերպէ ունենալով որպէս բնաբան Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը որպէս ''Եկեղեցւոյ Օրէնսդիրը''։ Զուիցերացի կարտինալ Գոշ` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, պաշտօնական դասախօսութիւն մը պիտի տայ ''Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապիտի կանոնական գործունէութիւնը ու քրիստոնեաներու միութիւնը'' նիւթին մասին։ Յայտնենք որ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը 1983-ին վաւերացուց լատին եկեղեցւոյ նոր կանոնագիրքը ապա 1990ին արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագիրքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.