2011-11-29 12:17:33

Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլ «Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրուած ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Նոյեմբեր 28ին հիւրընկալեց Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքը ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ը։
Ողջունելով հիւրը՝ նախագահը գնահատեց հասարակութեան մէջ բարոյականութեան եւ հոգեւոր արժէքներու ամրապնդման ուղղուած Ռուսիոյ Պատրիարքին ջանքերը:

Նախագահի հրամանագիրով, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ժողովուրդներու աւանդական բարեկամութեան խորացման, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ միջեւ կապերու ամրապնդման, հոգեւոր արժէքներու պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ անոր ներդրած նշանակալի աւանդին համար, Ռուսիոյ Պատրիարքը պարգեւատրուեցաւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդը նշած է, որ իրեն համար մեծ հաճոյք է այցելել քրիստոնէութեան հնագոյն օրրան՝ Հայաստանը: Ան պատահական չէ համարած նոյն օրը մեկնարկած խաղաղասիրական հանդիպման իրականացումը Հայաստանի մէջ, որովհետեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կը հանդիսանայ ԱՊՀ-ի Միջկրօնական Խորհուրդի Համահիմնադիրներէն մէկը։Նշենք որ ՝՝Արմենիա Մարրիոթ՝՝ հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Կրօնական եռակողմ հանդիպում,մասնակցութեամբը նաեւ Կովկասի իսլամներու Հոգեւոր Առաջնորդ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ-ի։








All the contents on this site are copyrighted ©.