2011-11-29 08:49:16

Համայն Ռուսիոյ Գիրիլ Պատրիարքը Հայաստանի Մէջ։


Այսօր 28 Նոյեմբեր ՝՝Զուարթնոց” օդակայանին մէջ վայրէջք կատարեց համայն Ռուսիոյ Գիրիլ Պատրիարքի օդանաւը: Պատրիարքը դիմաւորեցին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Հայաստանի մէջ Ռուսական համայնքի հոգեւոր առաջնորդն ու հոգեւորականները, ՌԴ դեսպանատան եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներ: Նշենք որ այսօր “Արմենիա Մարիոթ” հիւրանոցին մէջ տեղի կ՝ունենայ ԱՊՀ-ի միջկրօնական խորհուրդի նախագահութեան նիստի եռակողմ հանդիպումը` Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, Գիրիլ Պատրիարքի եւ Կովկասի Իսլամներուո հոգեւոր Առաջնորդ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի միջեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.